Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ. Քանատայի Խորհրդարանական Սթեֆան Տիոն Հանդիպումներ Ունեցաւ Նախագահ Սահակեանի Եւ Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ

September 24, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սահակեանի հետ հանդիպումէն պահ մը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 22 սեպտեմբերին ընդունեց միօրեայ ճանաչողական այցելութեամբ Ստեփանակերտ ժամանած Քանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոնը եւ անոր ուղեկցող անձերը:

«Հաճելի է հանդիպիլ Քանատայի խորհրդարանի ազդեցիկ դէմքերուն ու երկրի քաղաքական դաշտին աշխուժ դերակատարներէն մէկուն հետ, որ առանցքային դեր կատարած է դաշնակցային օրէնսդիր մարմինին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ», ողջունելով հիւրերը` ըսաւ խորհրդարանի նախագահը: Ան նշեց, որ «մեզի համար կարեւոր է, որ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մեր գործընկերները տեղեկութիւն ունենան Արցախի մասին` իրերու վիճակին ականատես ըլլալով անմիջապէս տեղւոյն վրայ»: Ղուլեան նկատել տուաւ, որ այս տեսակի հանդիպումները հեռանկարային նախադրեալ կը հանդիսանան երկու խորհրդարաններուն միջեւ կապերու հաստատման համար:

Իր կարգին, նշելով, որ իրեն համար մեծ պատիւ է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ գտնուիլ եւ հանդիպում ունենալ խորհրդարանի նախագահին հետ, քանատացի խորհրդարանականը յայտնեց, որ այցելութեան նպատակը զուտ ճանաչողական է: «Կ՛ուզեմ շատ տեղեկութիւններ ունենալ ձեր երկրին ու ժողովուրդին մասին, որպէսզի այստեղ ստացած տեղեկութիւններս հաղորդեմ գործընկերներուս, ու անոնք նոյնպէս լիարժէքօրէն տեղեկանան Լեռնային Ղարաբաղի մասին»,ըսաւ քանատացի խորհրդարանականը:

Քանատացի հիւրին կը հետաքրքրէր Արցախի մասին ամէն ինչ` սկսեալ ղարաբաղեան տագնապէն, լուծման հոլովոյթէն, երկրին մէջ ընտրական համակարգի դրուածքէն, խորհրդարանի գործունէութենէն, կառոյցէն, քաղաքական կազմէն մինչեւ հասարակական-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական կեանքի ամէնէն տարբեր մարզերը եւ ոլորտները, որոնց վերաբերեալ Ազգային ժողովի նախագահը տուաւ համապատասխան պարզաբանումներ:

Հանդիպման ներկայ էին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Ժիրայր Պասմաճեան իր կնոջ` Յասմիկ Պասմաճեանի հետ:

23 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Քանատայի խորհրդարանի անդամ Սթեֆան Տիոնը:

Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Քանատա յարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ խորհրդարանական կապերու զարգացման վրայ:

Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախ շահագրգռուած է յառաջատար ժողովրդավարական պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման հարցով եւ այս շրջագիծին մէջ առանձնակի կերպով կարեւոր նկատուեցաւ Քանատայի հետ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Հանդիպման կը մասնակցէին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Ժիրայր Պասմաճեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Սպիտակ Տան Դատապարտելու Ալիեւի Հակահայ Ճառը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Կը Քննադատէ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Անդամ Որոշ Երկիրներու Կեցուածքը Ղարաբաղեան Տագնապին Գծով

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.