Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրթական Վերամուտի Նախօրեակին. Տնտեսականի Կողքին Նաեւ Ապահովական Մղձաւանջը Կը Մտահոգէ Ծնողներն Ու Համապատասխան Կառոյցները

September 24, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրթական վերամուտի կողքին մէկէ աւելի մարզեր կը մտահոգեն ծնողներն ու կրթական պատկան կողմերը:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կրթական հաստատութիւններ յաւելումներ կատարած են կրթաթոշակներուն վրայ, առանց այդ ալ ծանրաբեռնուած ծնողական քսակները ճնշելով:

Նմանապէս, ուսուցիչներու սենտիքայի պատասխանատուներ պատկան կողմերուն յիշեցուցին, որ պէտք է անպայման հատուցել սեփական մարզի ուսուցիչներու յաւելումները` փետրուար 2012-էն յետադարձ զօրութեամբ:

Սակայն տնտեսական եւ նիւթական մտահոգութիւններուն մէջ գերիշխող մղձաւանջ դարձած է աշակերտներու ապահովութեան հարցը, յատկապէս նորանոր ականահարումներու եւ ռմբահարումներու մասին շրջան ընող պաշտօնական թէ լրատուական տեղեկութեանց լոյսին տակ:

Այս իմաստով լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ կարելի միջոցներով իրենց դասաւանդութիւններուն վերսկսած պետական մարզի վարժարաններու պատասխանատուներ, գործակցաբար շրջաններու քաղաքապետութեանց հետ, լծուած են նախազգուշական խիստ միջոցառումներու: Այսպէս, օրինակ, Ժունիէի մէջ վարժարան մը 300 հսկողութեան գաղտնի նկարչական գործիքներ (քամերաներ) զետեղած է վարժարանի մուտքին թէ այլ կարեւոր կէտերու վրայ: Վարժարանի պատասխանատուները, նաեւ քաղաքապետական ոստիկաններուն հետ գործակցաբար խիստ հսկողութեան կ՛ենթարկեն վարժարան մուտք գործել ուզող ծանօթ թէ անծանօթ ծնողները կամ այցելուները:

Նմանապէս, Հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքապետութիւններ ձեռնարկած են հսկողութեան յատուկ միջոցառումներու` երաշխաւորելու համար աշակերտներու ապահով երթեւեկը դէպի դպրոց եւ տուն:

Կը մնայ սակայն տունէն դպրոց եւ դպրոցէն տուն երթեւեկի խճողումի ընթացքին ապահովութեան երաշխաւորումը, որ հիմնական փորձաքար է Լիբանանի պատկան կողմերուն համար:

Նախորդը

Եթէ Չէք Ուզեր Կորսնցնել Ձեր Գումարները Զգուշացէք Այս Թիւերէն 03/181867 Եւ 03/187218

Յաջորդը

Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Դատապարտելու Կրօնական Սրբավայրերու Դէմ Յարձակումները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.