Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանի «ֆեր փլէյ» յայտագիրին ընթացքին իրեն հետ կայացած հարցազրոյցին մէջ ընդգծեց մարզական գործունէութեան կարեւորութիւնը:
«Ոչ ոք իրաւունք ունի սերունդ մը զրկելու մարզական կարելիութիւններէն», շեշտեց Թերզեան` հաւանական նկատելով, որ Պէյրութի Քարանթինայի շրջանին մէջ մարզական նոր համալիր մը կառուցուի:


