
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիոյ ունեցած տուեալները կը փաստեն, որ զինեալները Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու պահեստանոցներ ունեցող շրջաններու կը տիրեն` նշելով, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ քիմիական զէնքերը վնասազերծելու եւ ոչ թէ ուժի օգտագործումը արտօնող որոշում մը որդեգրելու` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի հետաքննիչները պէտք է Սուրիա վերադառնան շարունակելու համար հետաքննութիւնը:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ «Մոսկուա պատրաստ է քիմիական զէնքերու միջազգային հետաքննիչներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար Սուրիա ուժեր ուղարկելու»: Ան արեւմտեան ուժեր ամբաստանեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն շուրջ համաձայնութիւնը բռնի ուժի օգտագործումով սպառնալու համար պատրուակ օգտագործելու համար` նշելով, որ «Արեւմուտքը Սուրիոյ հարցով կոյր է եւ Ռուսիան շանթաժի կ՛ենթարկէ»:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման առիթ մը ստեղծուի:
Ան գերմանական «Ֆիլթ ամ Սոնթակ» օրաթերթին յայտնեց, որ բոլոր կողմերը հետզհետէ կ՛անդրադառնան, որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն յաղթական կարելի չէ դուրս գալ, ուստի երկար ատենէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, առիթ մը կրնայ ըլլալ հաստատելու զինադադար մը, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ժողովուրդին շունչ քաշելու, մարդասիրական օժանդակութիւնները անոր հասցնելու եւ Ժընեւի խորհրդաժողովին ընթացքին քաղաքական լուծումին ճամբան հարթելու:
Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած նամակի մը մէջ յայտնեց, որ մարմինէն անդամներ պիտի մասնակցին «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին, եթէ անոր նպատակը Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութիւն կազմելն ու երկրին մէջ ամբողջական իշխանութիւնը անոր յանձնելն է:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդատու Պեն Ռոտզ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 24 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կոչ պիտի ուղղէ ընդունելու Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ Դամասկոսի դէմ ուժ օգտագործել կ՛արտօնէ:
«Նախագահը պիտի շարունակէ պնդել յստակ դիւանագիտական հոլովոյթի հարցին վրայ, որպէսզի Ասատի քիմիական զէնքը յանձնուի միջազգային վերահսկողութեան եւ ատոր իբրեւ արդիւնք ոչնչացուի, նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի հարցին մէջ, որ պէտք է որոշէ Ասատի վարչակարգին համար հետեւանքները, եթէ վերջինս այդ հարցին մէջ չհամագործակցի միջազգային ընտանիքին հետ», ըսած է Ռոտզ:
Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտ է «քաղաքական որոշում, որ Ասատը պիտի հեռացնէ իշխանութենէն»:
Աղբիւրը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներ այդ ձեւով կը հասկցնեն, որ պիտի ձգտին հասնիլ Սուրիոյ վերաբերեալ բանաձեւի մը որդեգրման, որ սուրիական իշխանութեանց պիտի սպառնայ զինուորական ուժի օգտագործումով` բանաձեւը չօգտագործելու պարագային:
Նշենք, որ Քրեմլին շաբաթ օր յայտարարեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքը կրնայ փոխել, եթէ տեսնէ, որ Ասատի կատարածը խաբեբայութիւն է:
Միւս կողմէ, երէկ Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան դէմ արձակուած հրասանդի հրթիռի մը երեք անձեր թեթեւօրէն վիրաւորուեցան:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ կոչ ուղղեց բոլորին` «Սուրիոյ մէջ պատերազմը կասեցնելու ուղղութեամբ աշխատելու եւ ահաբեկիչները չզօրացնելու»:
Ան սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց կառավարութեան հետ երկխօսութեան նստելու:


