Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ՄԵԾ ՍՊԱՍԵԼԻՔՆԵՐ ՉՈՒՆԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԱՇՈՏ ՂՈՒԼԵԱՆ

June 11, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աշոտ Ղուլեան

«Մենք նախապէս ալ բանակցային հոլովոյթին մէջ որոշակի աշխուժ հանգրուաններ ունեցած ենք, լուծումը կարծես շատ մօտ եղած է: Այս անգամ ամէն ինչ կը կրկնուի: Միջնորդ երկիրները ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ որոշ յառաջընթաց արձանագրուի, եւ այս առումով կարելի է,  որ Քազանի մէջ միացեալ յայտարարութիւն կատարուի», Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի միջխորհրդարանական համաժողովէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու սպասելիքները քազանեան հանդիպումէն այնքան ալ լաւատեսական չեն, քանի որ Ազրպէյճան կը շարունակէ գործել ինչպէս միշտ` բանակցային հոլովոյթը նենգափոխելու, տագնապի լուծման մէջ նոր տարրեր մտցնելու եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններ կատարելու տրամաբանութեամբ:

Ըստ անոր, Քազանի մէջ կարելի է որոշ համաձայնութեան գալ, բայց նաեւ կրնայ փակուղային իրավիճակ ըլլալ: Աշոտ Ղուլեան ընդգծեց, որ փակուղիի պարագային քննարկումները կը շարունակուին, աշնան ընթացքին քննարկումներու նոր հանգրուան տեղի պիտի ունենայ եւ պէտք է օգտագործել խորհրդարանական դիւանագիտութեան բոլոր հնարքները` ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծման վերաբերեալ երկու պետութիւններու տեսլականը:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ կարելի՞ է, որ Քազանի հանդիպումէն առաջ Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ կրկին սադրանքներ իրականացնէ, Աշոտ Ղուլեան յայտնեց, որ նախորդ ամիսներուն եղած սադրանքները եւ հայկական կողմին պատասխանները պէտք է դաս ըլլան Ազրպէյճանի համար:

Ինչ կը վերաբերի շփման գիծին վրայ խաղաղարար ուժերու տեղակայման հաւանականութեան, ան նշեց, որ այժմ անոր մասին խօսիլը վաղաժամ է, որովհետեւ շրջանին մէջ խաղաղարար ուժերու տեղակայման համար անհրաժեշտ է բոլոր կողմերուն համաձայնութիւնը: Ըստ անոր, այս հանգրուանին մէջ անոր հիմքերը չկան:

Ան համոզում յայտնեց, որ ուշ կամ կանուխ Լեռնային Ղարաբաղը` իբրեւ կողմ, պիտի մասնակցի բանակցային հոլովոյթին: «Կ՛երեւի այդ նպատակով է, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը համանախագահներուն հետ վերջին հանդիպման ժամանակ արձանագրեց, որ Ղարաբաղի մասնակցութիւնը բանակցային հոլովոյթին մենք կը տեսնենք այդ հոլովոյթի բոլոր հանգրուաններուն մէջ», ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահը:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՔԱՐՈԶՈՂ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾԸ` «ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱ» ԿՈՄԻՏԷԻ ԵՒ ՓԵՐԻՆՉԵՔԻ ԵՐԿՐՊԱԳՈ՞Ւ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.