Անթիլիասէն Պէյրութ տանող մայրուղիին վրայ Պէյրութին ըմպելի ջուր տրամադրող հիմնական խողովակին խանգարումը եւ անոր շինութեան նպատակով որդեգրուած միջոցառումները երէկ առաւօտեան պատճառեցին երթեւեկի խճողում մը, որուն պատճառով տանջուեցան լիբանանցի քաղաքացիները:
Խողովակներու նորոգութեան պատճառով իւրաքանչիւր քաղաքացի նուազագոյնը երկուքէն երեք ժամ սպասեց մայրուղիին վրայ` հասնիլ կարենալու համար իր աշխատավայրը կամ ուր որ պէտք է հասնէր:
Նշենք, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ խողովակներուն նորոգութեան աշխատանքը պիտի տեւէ մինչեւ վաղը կէսօր եւ այդ պատճառով որոշ ճամբաներ փակ պիտի ըլլան` սկսեալ Անթիլիասի կամուրջէն:
Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ քաղաքացիներուն հետեւելու ներքին ապահովութեան ուժերու ցուցմունքներուն, որպէսզի երթեւեկի խճողումը կարելի եղածին չափ նուազի:


