Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 20, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ թուրք դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ: Քննարկուեցան Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուներուն թղթածրարները:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է` աւելցնելով, որ այս իմաստով կարելի պիտի չըլլայ զարգացում արձանագրել մինչեւ նոյեմբեր:

ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն անունով Հայաթ Աուալի թրքական պետութիւնը պատասխանատու նկատեց առեւանգուած լիբանանցիներուն ապահովութեան: Իր կարգին, ազատ արձակուած լիբանանցի Աուատ Իպրահիմ յայտնեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուածները ողջ-առողջ են` աւելցնելով, որ անոնցմէ երեքը մօտիկ ապագային ազատ պիտի արձակուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը ապարդիւն կը գտնէ, որովհետեւ Հըզպալլա իր կեցուածքներէն անշեղ կը մնայ:

ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ մեծ թիւով Քայիտայի անդամներ կ՛ուղղուին Լիբանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ երկար ժամկէտի վրայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող միջազգային հովանի մը գոյութիւն ունի:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան ապահովութեան ուժերը Հալաթի մէջ ականի մը պայթումին պատճառով սպաննուած սուրիացիի մը բնակարանին մօտակայքը գտած են ձեռնառումբ մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան հաստատեց, որ ժամանակն է արդէն ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն իրարու հետ խորհրդակցելու եւ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը աշխուժացնելու:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ շրջանի քրիստոնեաները թիրախ դարձնելու կանխամտածուած ծրագիր մը գոյութիւն ունի եւ անոնց թիւը  մօտեցած է իր աւարտին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մասնակցիլ նախքան կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ ինք յանձնառու է հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պլոքի երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի, որ կառավարութեան իմաստով անիշխանութիւն տիրէ: «Նոյնիսկ եթէ Հըզպալլայի տրուի կառավարութեան որոշումները արգելակելու մէկ երրորդը, կառավարութիւն մը կարելի պիտի չըլլայ կազմել», ըսաւ ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ կոչ ուղղեց մշակելու միջազգային մնայուն ծրագիր մը` դիմագրաւելու համար Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն բեռը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը Լիբանանը առանձին չի կրնար հանդուրժել, որովհետեւ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները Լիբանանի կարողութիւններէն վեր են:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական խորհրդական Մոհամետ Շաթահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն ներկայացնող պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ Մարտ 8-ի եւ միջին կեցուածքի տէր քաղաքական ուժերը կատարեալ զօրակցութիւն ցուցաբերած են Պըրրիի նախաձեռնութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Դիմադրութիւնը կը մերժէ այն կառավարութիւնը, որ երկրին խորհրդարանին ներկայացուցած պլոքներուն կշիռին չի համապատասխաներ:

 

 

 

Նախորդը

Սահակաշվիլի Դարձեալ «Բռնագրաւող Ռուսերը» Մեղադրած Է Վրաստանի Տարածքները Իւրացնելու Յանցանքով

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Եւ Արսլան Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն Իրենց Ցաւակցած Իշխանութեան Պետերուն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.