Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրուկուէյ. Մարիօ Նալպանտեան Դասախօսեց Ուրուկուէյի Լիպեր Սերենիի Անուան Հիմնադրամի Կեդրոնին Մէջ

September 19, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրուկուէյի հանրայայտ քաղաքական գործիչ Լիպեր Սերենիի անուան հիմնադրամի կեդրոնը 12 սեպտեմբերին հրաւիրած էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը` դասախօսութիւն մը տալու «Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակը եւ ապագայի մարտահրաւէրներ» նիւթով:

Դասախօսութեան ներկայ էին հիմնարկի տնօրէն Ակուստին Քանսանի, իշխող Լայն ճակատ կուսակցութեան նախագահ Մոնիքա Սավիեր, նոյն կուսակցութեան ծերակոյտի անդամներէն եւ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ փրոֆ. Էնրիքէ Ռուպիօ, որոնք մաս կը կազմէին կլոր սեղանին, ուր դասախօսութենէն ետք տուին իրենց մեկնաբանութիւնները:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեան, երեսփոխաններ, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գաղութիս անդամներ:

Մ. Նալպանտեան իր դասախօսութեամբ ընդհանուր պատկեր մը տուաւ Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակի մասին` զայն բաժնելով «Հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ Հարաւային Կովկասի մէջ» եւ «Ապահովութիւն եւ կայունութիւն արդար խաղաղութեան մը համար» խորագիրներուն:

Գրեթէ մէկ ժամ տեւած իր դասախօսութեան ընթացքին, Մ. Նալպանտեան նախ վերլուծական ակնարկով ընդհանուր պատկերով մը ներկայացուց Կովկասի շրջանի ռազմական նշանակութեան կարեւորութիւնը, ընդհանրապէս ուժանիւթի պաշարները եւ յատկապէս հզօր պետութիւններու շահագրգռուածութիւնը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք անոնց որդեգրած շրջանային քաղաքականութիւնը: Նալբանդեան կեդրոնացաւ Հարաւային Կովկասը կազմող հանրապետութիւններուն` Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի վրայ` լուսաբանելով իւրաքանչիւր երկրի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ ժողովրդագրական կացութիւնը` այդ շատ զգայուն շրջանին մէջ:

Ապահովական գետնի վրայ Մարիօ Նալպանտեան կարեւոր նկատեց Արցախի հիմնահարցը` մանրամասնութիւններ փոխանցելով ներկայ հոլովոյթներուն մասին եւ շեշտը դնելով անոր արդար եւ քաղաքական լուծում մը գտնելուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ տեւական խաղաղութիւն ձեռք բերել, քանի որ, ըստ անոր, եթէ Արցախի հիմնախնդիրը արդար լուծումի մը չյանգի, կրնայ ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ աւելի լայն առումով, Միջին Արեւելքի ապակայունութեան պատճառ դառնալ, հակառակ անոր որ արդէն այդ շրջանը երկար տարիներէ ի վեր պայթունակ իրավիճակ մը կը ներկայացնէ, ի մասնաւորի սուրիական տագնապը եւ այլ չլուծուած հարցեր նկատի ունենալով:

 

 

 

Նախորդը

Ըստ «Վաթիքըն Ինսայտըր»-ի. Եգիպտոս Կրնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Առաջին Իսլամական Երկիրը Դառնալ

Յաջորդը

Վարշաւայի Մէջ. Հանդիպում Հայաստանի Եւ Լեհաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.