
Իրանի Հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհի նախատեսեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարի տագնապին մէջ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին բեկում մը տեղի ունենայ:
Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սալեհի Իրանի նախարարաց խորհուրդի նիստին իր մասնակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ «յառաջիկայ ամիսներուն հիւլէական հարցին մէջ բեկում մը պիտի տեսնենք»` աւելցնելով, որ «նախագահական ընտրութենէն առաջ ամենայն ինքնավստահութեամբ յայտարարեցինք, որ իրանցի ժողովուրդը յառաջիկայ տարուան ընթացքին ուրախ լուր մը պիտի լսէ: Մենք հիւլէական հարցի լուծման համար մեր սկսած հոլովոյթին վրայ յոյսեր կը կապենք»:
Սալեհի անդրադարձաւ Վիեննայի մէջ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան վերջին ժողովին ընթացքին իր ներկայացուցած զեկուցումին եւ ըսաւ, որ «մթնոլորտը աւելի դրական էր եւ զայն կարելի չէ բաղդատել նախկին ժողովներու մթնոլորտներուն հետ»:
Ան ըսաւ, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան նախագահ Եոքիա Ամանոյի հետ իր բանակցութիւնները «շատ դրական» էին` աւելցնելով, որ «27 սեպտեմբերին Իրանի Հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան փորձագէտներուն եւ արտաքին գործոց նախարարութեան Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան փորձագէտներուն հետ գումարուելիք ժողովին վերաբերեալ տեսակէտներ փոխանակեցինք»:
Սալեհի հերքեց արեւմտեան կարգ մը լրատուամիջոցներու հաղորդած այն տեղեկութիւնը, որ Քոմ քաղաքին մօտ գտնուող «Ֆարտօ» հիւլէական կայանի փակման վերաբերեալ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ժողովին ընթացքին կը խօսէր: «Այդ հարցին մասին չխօսեցայ եւ այդ հարցէն տեղեակ չեմ… անհաւանական կը նկատեմ, որ մէկը այդ հարցին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կատարած ըլլայ»:


