Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Սեպտեմբեր 1963)

September 19, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմսեր

Ո՞վ Է Յանցաւորը

Առտուն, ժամը 9:00:

Հայերէն թերթին խմբագիրը խմբագրատան մէջ նստած կը գրէ, կ՛աճապարէ, որովհետեւ էջերը պէտք է մամուլին յանձնուած ըլլան մինչեւ կէսօր: Իր վայրկեանները թանկագին են` ոսկիին չափ:

Հազիւ տասը տող գրած է, երբ ներս կը մտնէ «սակաւախօս» հայրենակից մը:

– Վա՜յ, Ասսու Բարին, ինտո՞ր ես. աղէ՞կ ես… Սա գրիչը վար դի՛ր նայիմ… Քիչ մը խօսինք… Քանի՜ ամիս է երեսդ տեսած չէի: Է՜հ, պատմէ՛ նայինք, ի՞նչ կայ, ի՞նչ չկայ…

– Աղէկութիւն…

– Տնեցինե՞րը ինտոր են… Տիկի՞նը, երեխանե՞րը, հայրի՞կը, մայրի՞կը… Իմացայ, որ քրոջդ թոռը եկեր է եւ համալսարան պիտի երթայ եղեր… Պարապ բաներ են, աղբա՛ր… համալսարա՞ն ինչ է…

Սանկ շնորհքով վաճառականի մը քով դրէք, որ մարդ ըլլայ… Շատ կարդացողները կը տեսնենք կոր… Վերջ ի վերջոյ անօթի կը մնան… Կ՛ուզես նէ, ես անգամ մը Սեղբոս էֆէնտիին կը խօսիմ… Ձեռքը ծանր է, գիտեմ, բայց անոր քովէն ելլողը, «փիշկին» առեւտրական կ՛ըլլայ… Իմ աղբօրս տղան անոր քով աշխատեցաւ եօթը, ութ տարի, հիմա մարդ եղած է… Շուկայի քերականութիւնը կլլած, լմնցուցած է… Է՜հ, ազգին գործե՞րը ինչ ջուրի վրայ են…

– Պղտոր…

– Ես ալ անանկ կը կարծեմ…

«Թոհաֆ» բան է, աղբար…, Քանի՞ սէր, միութիւն, համերաշխութիւն կը քարոզենք, անչափ ետ կ՛երթանք… Երկու կողմերն ալ յանցաւոր են, ինծի հարցնես նէ… Կռիւը եղած տեղը կապել չենք գիտեր… Ժամանակին «Բաց ու գոց»-ի խնդիր մը կար… Հիմա կաթողիկոսի, պատրիարքի խնդիր… Աս խնդիրն ալ, օր մը, պիտի լուծուի… Ան ատեն ալ ուրիշ թնճուկ մը պիտի սկսի… Մոռցայ հարցնելու, իրա՞ւ է քի կնքահօրդ նշանտուքը ետ եղեր է…

– Ո՛չ…

– Փա՜ռք Աստուծոյ… Ես ալ, շիտակը, շատ գէշ եղայ երբ լուրը ինծի պատմեցին… Կարապետ աղային աղջիկն է անելիքը. այնպէս չէ՞…: Շնորհքով մարդ է, ըսեմ քեզի… Բաւական ալ «կը բռնէ»… Անցած օր, տունին առջեւէն անցանք… Ան ի՜նչ փառաւոր տուն է, աղբար… «Քէյֆդ կու գայ… Ան չէ «ետ», ձեր Թաղական Խորհո՞ւրդն ալ ներքին վէճեր ունի եղեր…

– Չեմ գիտեր…

– Հա՛… Իմացածիս համաձայն, անդամներէն մէկը, Զատկի առտուն, պնակ պտտցուցած ատենը, պզտիկ աղջկան մը մազերը շոյեր է աղբա՛ր, ըլլալիք բան չէ… Եկեղեցիին մէջն ալ, ատանկ օրով, աղջնակի մը մազերը շոյե՞լ ինչ ըսել է… Չի վայլեր… Բան մը չգրեցի՞ք այդ մասին…

– Գրելիք ալ չունինք…

– Քալէ՛ սուրճ մը խմենք…

– Չեմ կրնար…

– Է՜, անանկ է նէ ես գացի…

Առտուն ժամը 10:30:

– Ալօ՛, ալօ՛, պարոն խմբագիր, ես տիկին Մուհալլեպին եմ: Խնդրանք մը ունիմ…

– Հրամեցէք.՛..

– Ո՞ր ծայրէն սկսիմ… Կը յիշէ՞ք, ասկէ մօտ քառասուն տարի առաջ, Պոլսոյ Սամաթիոյ թաղին մէջ եղած քուէակութեան ատեն կռիւ մը սկսաւ… Այդ կռիւին մէջ, վիրաւորուեցաւ Կարապետ էֆէնտիի մը կինը… Գիտէ՞ք այդ Կարապետ Էֆէնտիին մականունը… Շատ պէտք ունիմ, որովհետեւ, անցեալները հիւրեր եկած էին մեզի: Եպիսկոպոսն ալ եկած էր… Եւ ըսաւ, որ…

– Չեմ գիտեր, տիկին…

– Բայց գիտնալու էք… Կեցէք, Ձեր յիշողութիւնը թարմացնեմ…

Առտուն ժամը 12:00:

Գրաշարապետին ձայնը բռներ է խմբագրատան չորս կողմը:

– Այսօր, թերթը չորսէն առաջ չ՛ելլեր…

Ո՞վ է յանցաւորը:

ԵՒՐՈՊԱՑԻ

 

Քառասնամեակ Հայ Աւետ. Գոլէճի

Ընթացիկ 1963 տարին Պէյրութի Հայ Աւետ. Քոլէճի հիմնադրութեան քառասնամեակն է: Դպրոցի հոգաբարձութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը կազմած է եւ որոշած հրատարակել յուշամատեան մը: Պատրաստուած է նաեւ յոբելինական տօնակատարութեանց ծրագիրը:

Այս առթիւ հրատարակուած յայտագիրէն կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները` քոլեճին արձանագրած յաջողութեանց մասին.-

Հայ աւետարանական քոլեճը բոլորեց իր քառասուներորդ դպրոցական տարեշրջանը, որուն ընթացքին ուսանեցան 547 երկսեռ աշակերտներ եւ ծառայեցին 50 ուսուցիչ ուսուցչուհիներ:

Հայ աւետարանական քոլեճը` հիմնովին բարեկարգուած այս վերջին քանի մը տարիներուն, աչքառու յաջողութիւններ արձանագրեց կրթական մարզին մէջ: Թիւերու լեզուով խօսինք:

Ըստ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դիւանի վերջին վիճակագրութեան (1951-1960), հաստատութեանս շրջանաւարտները համալսարանի մէջ մեծ յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն ցոյց տուած են տարուէ տարի: Իսկ 1959-1960 տարեշրջանին ամբողջ Միջին Արեւելքի երկրորդական վարժարաններէն եկող ուսանողներու մէջ ֆրէշմէն դասարանի նիշերու բարձրագոյն միջինը ստացած են:

Նկատելով, որ 1961-էն սկսեալ յանձնարարականով համալսարանը այլեւս ուսանող չ՛ընդունիր, վարժարանս պատրաստեց իր աշակերտները Ամերիկեան համալսարանի մուտքի քննութեանց: Այսպէս 1962-ին քննութեանց մասնակցող աւարտական դասարանի գիտական բաժինը իր լրիւ կազմով յաջողեցաւ քննութեանց մէջ` բարձրագոյն նիշերը ապահովելով: 1963-ին համալսարանի գիտական բաժինի քննութիւններուն յաջողեցան միայն 69 հոգի: Մեր վարժարանի 27 թեկնածուներէն 18-ը յաջողեցան լաւ արդիւնքներով: Շուրջ 70 երկրորդական հաստատութեանց աշակերտներ սոյն քննութեանց մասնակցեցան:

Հաստատութիւնս մեծ զարկ կու տայ նաեւ արաբերէն լեզուի ու պետական սերթիֆիքայի եւ պաքալէորիայի քննութեանց պատրաստութեան: 1961-ին պետական սերթիֆիքայի քննութեանց 67 սանի վրայ 50-ը յաջողեցան: Իսկ 1963-ին նախակրթարան Ե. կարգը լրիւ կազմով մասնակցեցաւ, ընդամէն 51 հոգի որոնցմէ 41-ը յաջողեցան: Ցարդ պետական պաքալէորիայի քննութեանց վարժարանս արձանագրած է վեց յաջողութիւններ: 1963-ին պաքալէորիայի քննութեանց մասնակցողներէն յաջողողներու ընդհ. տոկոսը եղած է 20 առ հարիւր, իսկ մեր վարժարանի յաջողութիւնը 40 առ հարիւր:

Հաստատութիւնս նմանապէս Լոնտոնի համալսարանի քննութեանց (Ճի. Սի. Ի.) աշակերտներ կը պատրաստէ: Այս մարզին մէջ եւս փայլուն յաջողութիւններ արձանագրուած են:

Ճի. Սի. Ի.ի եւ պաքալէորէայի քննութեանց մէջ յաջողած աշակերտներուն Ամերիկեան համալսարան մուտքը ապահովուած կը նկատուի:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խոստումը Լաւ Դաստիարակութեան Միջոց Չէ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.