Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթընի Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը 7-րդ Յօդուածին Մասին Խօսք Չի Բովանդակեր» Ըսաւ Լաւրով

September 18, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆապիւս եւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ֆրանսացի իր պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի մէջ զանգուածային քանդումի զէնքերէն ձերբազատելու եւ շրջանը ապազինելու` նշելով, որ «այն քայլը, որ Սուրիոյ մէջ կ՛առնենք, արաբական շրջաններուն մէջ զէնքերէն ձերբազատելու ծիրին մէջ դէպի յառաջ քայլ մըն է»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ զանգուածային քանդումի զէնքերէն ձերբազատիլ:

Ան նշեց, որ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ սուրիացի ժողովուրդին համար վերջնական նպատակին շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի, իսկ այդ նպատակը բռնարարքներէ, արիւնահեղութենէ ձերբազատումը, Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան հիմամբ կայունութեան հաստատումը, քաղաքային վարչակարգի հաստատումը եւ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր խմբաւորումներուն եւ յարանուանութեանց իրաւունքները երաշխաւորելն է: Ֆրանսայի հետ տարակարծութիւնը այդ տեսակէտները գործադրելու ձեւին մէջ է:

«Ֆրանսայի հետ քիմիական զէնքերու եւ վերջին յարձակումին շուրջ հասարակաց կեցուածք ունինք ու Ֆրանսայի մէջ մեր գործընկերներուն հետ համաձայնեցանք, որ նախաձեռնութիւնը աշխատանք պիտի տանի զէնքերը վնասազերծելու եւ անոնցմէ ամբողջապէս ձերբազատելու», ըսաւ ան:

«Պէտք է «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը գումարել` գործադրելու համար «Ժընեւ-1» խորհրդաժողովին ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնը», յայտնեց Լաւրով` նշելով, որ պէտք է ստեղծել ամբողջական լիազօրութեանց տէր փոխանցման մարմին մը, որուն մաս կազմեն Սուրիոյ բոլոր հատուածները:

«ՄԱԿ Սուրիոյ մէջ քիմիական յարձակումին մասին Ռուսիոյ բոլոր հարցումներուն չի պատասխաներ», ըսաւ Լաւրով:

Խօսելով Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան մասին` ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ այդ համաձայնութիւնը ՄԱԿ-ի ուխտի բռնի ուժի կիրարկումը արտօնող 7-րդ յօդուածին մասին խօսք չի բովանդակեր: Ան յայտնեց, որ Ռուսիա պատրաստ է Դամասկոսի մէջ հետաքննիչներուն այցելելիք քիմիական կեդրոններուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու` կոչ ուղղելով քիմիական զէնքի օգտագործման մասին լուրերը հետաքննելու:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս իր կարգին յայտնեց, որ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւն եւ բազմաթիւ մարզերու մէջ գործակցութիւն գոյութիւն ունի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մալիի մէջ ֆրանսական քայլերուն Ռուսիոյ աջակցութեան համար:

Ֆապիւս նշեց, որ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը դէպի յառաջ կարեւոր քայլ մըն է: «Քիմիական զէնքի վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան գետնի վրայ գործադրութիւնը կ՛ուզենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Ժընեւ-2»-ը պէտք է անպայման գումարել:

Լաւրովի նման ան եւս նշեց, որ պէտք է Սուրիոյ բոլոր կողմերը ներառող եւ ամբողջական լիազօրութիւններ ունեցող փոխանցման կառավարութիւն մը կազմուի:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «միջազգային մասնագէտներու զեկուցումը Ղութայի մէջ գործադրուած ջարդին ամբողջական պատասխանատուն սուրիական վարչակարգը կը նկատէ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով այսօր Դամասկոսի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ:

Սուրիա. «Արեւմտեան Պետութիւնները
Կը Փորձեն Իրենց Կամքը Սուրիացի
Ժողովուրդին Պարտադրել»

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնած է, որ երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու մամլոյ ասուլիսի ընթացքը բացայայտեց Սուրիոյ մէջ անոնց իսկական նպատակները եւ անոնց ջանքը` սուրիացիներուն միջեւ երկխօսութիւնը կանխելով իրենց կամքը սուրիացի ժողովուրդին պարտադրելու` ի շահ անոնց, որոնք Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները նշանակեցին իբրեւ իրենց գործիք:

Աղբիւրը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական ու սահմանադրական օրինականութեան մասին խօսիլը միայն սուրիացի ժողովուրդին իրաւասութիւնն է, եւ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները իրաւունք չունին այս հարցով իրենց կամքը սուրիացի ժողովուրդին պարտադրելու:

Աղբիւրը վերահաստատեց, որ Սուրիա յանձնառու կը մնայ սուրիացիներու միջեւ սուրիական ղեկավարութեամբ եւ սուրիացի ժողովուրդին իր ապագան ճշդելու կարելիութիւնը տուող երկխօսութեան հիմամբ քաղաքական լուծումի մը:

Սուրիական Ազատ Բանակի
Եւ Իսլամականներու Միջեւ
Լարուածութեան Նշաններ

Սուրիական ընդդիմութեան կողմէ իբրեւ սուրիական փոխանցման կառավարութեան վարչապետ ընտրուած Ահմետ Թոհմէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստացաւ սահմանափակել Քայիտայի ազդեցութիւնը` նշելով, որ անոր առնչակից կազմակերպութիւնները «երկրին բազմաթիւ շրջաններուն մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան քայքայումին ստեղծած բացը լեցնելու առումով ընդդիմութեան ձախողութիւնը օգտագործեցին»:

Ան ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը պէտք է գաղափարական գետնի վրայ անպայման դէմ դնէ Քայիտային, որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը իսլամութեան ուսուցումներուն չի հակասեր, ինչպէս նաեւ պէտք է Քայիտայի ժողովրդականութիւնը սահմանափակէ` վերատիրանալով հանրօգուտ ծառայութիւններուն, որոնք կը գտնուին ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ:

Ան ըսաւ, որ ժողովուրդը վարչակարգին ձեռամբ շղթայազերծուած սպանութիւններէն, քանդումէն ու գաղթէն տառապելէ ետք այժմ կը տառապի այդ զինեալներուն վարմունքէն եւ մարդոց իրենց գաղափարներն ու թեզերը պարտադրելու փորձերէն: «Ժողովուրդը ազատութեան գաղափարին համար փողոց դուրս եկաւ, ուստի ինչպէ՞ս կրնայ աւելի մեծ բռնատիրութիւն մը ընդունիլ», նշեց ան:

Սուրիական ազատ բանակի մամլոյ եւ քաղաքական հարցերով գործավար Լուայ Մըքտատ իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական խմբակներու կողմէ գործուած վատ արարքներու աճը մեզ պիտի մղէ ժողովուրդը պաշտպանելու»:

Թրքական Հալածիչ Մը Վար Առած Է
Սուրիական Ուղղաթիռը

Սուրիական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ թրքական հալածիչ մը վար առած է սուրիական ուղղաթիռը, որ ջախջախուած է սուրիական հողամասերուն վրայ: Ուղղաթիռը թիրախ դարձած է, երբ Լաթաքիոյ շրջանին մէջ Պտամա գիւղին մօտ գտնուող Պունսիյա շրջանին մէջ թրքական սահմանէն ահաբեկիչներու ներթափանցման կը հետեւէր:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ուղղաթիռը սխալմամբ մուտք գործած էր թրքական օդային տարածք եւ հրամանը ստանալուն պէս հեռանալով մուտք գործած էր սուրիական օդային տարածք, երբ թրքական հալածիչը զայն հարուածած էր` աւելցնելով, որ «թրքական կողմի հակազդեցութիւնը աճապարուած էր, մանաւանդ որ ուղղաթիռը վերադարձի ճամբուն վրայ էր եւ մարտական առաքելութիւն չէր կատարեր»:

Հաղորդագրութիւնը դէպքը Սուրիոյ նկատմամբ Էրտողանի կառավարութեան իսկական մտադրութեանց փաստը նկատեց:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ սուրիական ուղղաթիռը դիտաւորեալ կերպով խախտած է Թուրքիոյ օդային սահմանը եւ ոչ թէ սխալմամբ` ինչպէս Դամասկոս կ՛ըսէ, եւ այս ծիրին մէջ սուրիական վրէժխնդրական արարք մը բացառեց:

Ան թրքական «Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Թուրքիա պատրաստ է իր ազգային ապահովութեան եւ գերիշխանութեան որեւէ սպառնալիքի հակադարձելու»` վստահեցնելով, որ թրքական կողմը Սուրիոյ կողմէ հակադարձութիւն մը չի նախատեսեր, սակայն թրքական բանակը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ որեւէ կարելիութեան պատրաստ է:

Միւս կողմէ, Թուրքիա – Սուրիա սահմանին սուրիական կողմին վրայ, Պապ Հաուա սահմանային անցքին վրայ ականուած ինքնաշարժի մը պայթում տեղի ունեցաւ: Թրքական «Զաման» օրաթերթին կայքէջը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմադիր իսլամական խմբաւորումներուն պատկանող անցարգելի մը մօտ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով 12 անձեր մօտակայ հիւանդանոցները փոխադրուած են:

Նախորդը

Իրանի Նաւարկման Մարզին Դէմ Հաստատուած Եւրոպական Արգելքը Ջնջուեցաւ. «Թեհրան Պատրաստ Է Իւրանիոմի 20 Առ Հարիւրով Հարստացման Դադրեցման Հարցը Քննարկելու» Ըսաւ Լաւրով

Յաջորդը

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումներ` Ֆաթհի Եւ «Ժունտ Շամ» Խմբաւորումին Միջեւ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.