Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւնը Պարգեւատրեց` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբը

September 17, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 10-ին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի պարգեւատրման արարողութիւնը: Արդարեւ, առ ի գնահատանք պարախումբին գործունէութեան եւ «Արտերկրում հայ ազգագրական մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան գործում ունեցած նշանակալի աւանդի համար», Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան պատուոյ գիրը յանձնեց «Արին» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գայեանէ Մածունեանին: Տեղին է յիշել, թէ այս առիթով Հայաստան մեկնած էին «Արին»-ի գեղարուեստական ղեկավարը եւ պարախումբին անուանատիրոջ` վաղամեռիկ Արին Չերչեանի ընտանիքէն Արաքս Չերչեանը:

Պարգեւատրումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեան, մշակոյթի նախարարութեան Ժամանակակից արուեստի վարչութեան պետ Սէյրանուհի Գեղամեան եւ պարախումբի 160 անդամներէն ինն, որոնք մաս կը կազմէին ՀԲԸ Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի լաւագոյն աշակերտներու  այն խումբին, որ հայրենիք կ՛այցելէր:

Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան յայտնեց, թէ քաջատեղեակ է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին գործունէութեան եւ մեծապէս կը գնահատէ ՀԲԸ Միութեան նուիրումը ազգային ժառանգութեան պահպանման գործին: Ան նաեւ շնորհաւորեց խումբին ղեկավար Գայեանէ Մածունեանը` բարձր գնահատելով անոր ստեղծագործական շնորհքը եւ լիբանանահայ պատանիներն ու երիտասարդները հայութեամբ ոգեւորելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերը: Խօսք առաւ նաեւ Գայեանէ Մածունեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ խոստացաւ պատուոյ գիրը կրել ըստ արժանւոյն:

Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեան, որ համագործակցելով  «Արին» պարախումբին հետ` Լիբանանի մէջ ազգագրական պարեր բեմադրած էր,  իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ղեկավարութեան` յանձին Վիգէն Չերչեանի, որ աչալրջօրէն կը հետեւի սփիւռքի նորահաս սերունդներու ազգային եւ հոգեւոր սնունդով ապահովելու գործին:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը հիմնադրուած է 60-ականներուն եւ որոշ ընդհատումներէ ետք, մանաւանդ` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, վերակազմաւորուած է 1998-ին : Պարախումբը շարունակական ելոյթներ կ՛ունենայ Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ, իսկ անցեալ տարի մասնակցած էր նաեւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօտին :

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1963)

Յաջորդը

«Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Տարեկան Դաշտահանդէս

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.