Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1963)

September 16, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խաչի Տօնը Լիբանանի Մէջ

Փառաշուք Հանդիսութիւն
Մուսա Լերան Հերոսամարտի
48-րդ Տարեդարձին Առիթով

Խաչվերացի տօնը մեծ խանդավառութեամբ տօնուեցաւ ամբողջ Լիբանանի մէջ:

Շաբաթ երեկոյ, 14 սեպտեմբեր 1963, մինչեւ ուշ գիշեր բազմահարիւր ընտանիքներ խրախճանքի մէջ տօնեցին Ս. Խաչի անուանակոչութեան տարեդարձը:

Կիրակի, 15 սեպտեմբերին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզներ խօսուեցան:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Եզնիկ վրդ. Բալայեան:

Այնճարի ծառաստանին մէջ, Մուսա Լերան հերոսամարտին եւ ազատագրման 48-րդ տարեդարձը տօնախմբուեցաւ ժողովրդային խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ներկայ էին պետական հայ երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, ազգային երեւելի անձնաւորութիւններ եւ ամէն կողմէ եկած բազմահազար ժողովուրդ:

Սրբազան արարողութեանց նախագահեց եւ մատաղի օրհնութիւնը կատարեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան:

Հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին Ծ. վրդ. Սարգիսեան եւ «Հայր Մեր»-էն առաջ, աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ:

18 նահատակ հերոսներու հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութենէն ետք խօսք առաւ Անդրանիկ Ուրֆալեան` ոգեկոչելով Մուսա Լերան հերոսամարտը:

Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Խաչի հանդիսաւոր թափօրին նախագահեց առաջնորդ սրբազանը:

 

Երկու Հայերու Ողբերգութիւնը

Անոնք Փախած Են Հայաստանէն
Եւ Տարի Մը Վերջ` Հասած Ֆրանսա

Ֆրանսական «Ֆիկարօ» եւ «Ֆրանս-Սուար» մասնաւոր հետաքրքրութեամբ արձագանգ կը հանդիսանան ողբերգութեան մը:

Ի՞նչ է պատահածը: Պատմութիւնը կը քաղենք ֆրանսական թերթերէն: «Ֆիկարօ» կը գրէ ուրեմն, թէ ուրբաթ օր երկու հոգի հասած են Օրլի, ուղղակի Թեհրանէն, առանց անցագրի, առանց պայուսակի, առանց դրամի, միայն արտօնագիրով մը, զոր Թեհրանի ֆրանսական դեսպանատունը տուած է, որպէսզի «ազգային հողամաս» վերադառնան, ինչպէս կը շեշտէ «Ֆիկարօ»: Տարի մը առաջ, կը շարունակէ մեր պաշտօնակիցը, անոնք անցած էին խորհրդային սահմանը:

Մէկը` Լէոն Հազարեան, ծնած է 1932-ին, Լա Սիսթա (Պուշ տը Ռոն), միւսը` Ֆրանսուա Պալեան, ծնած` Մարսէյ, 1927-ին, երկուքն ալ` հայ ծնողքէ, 16 տարի ապրած են բռնութեան տակ, Երեւան, Հայաստանի մայրաքաղաքը. ինչո՞ւ մեկնած էին Ֆրանսայէն, երիտասարդ տարիքի մէջ, երբ ամէն ինչ զիրենք կը կապէր երկրին, կը հարցնէ «Ֆիկարօ», որ կը շարունակէ. «Արցունքներով, իրենց կոկորդին մէջ, պատմեցին իրենց ընտանիքին ողբերգութիւնը, որ ողբերգութիւնն է իրենց բազմաթիւ հայրենակիցներուն` խաբուած քարոզչութենէն: Իրենց ծնողքը, Ֆրանսա ապաստանած 1925-ին, հետեւելով որոշ քարոզչութեան մը, 1947-ին Խորհրդային Միութիւն մեկնած էին` միասին տանելով իրենց զաւակները: Այս վերջինները, զանազան դիմումներ ընելէ ետք իրենց «հայրենադարձը» ապահովելու համար, կու տան ծանր որոշումը, փախչիլ: Որոշեալ օրը բեռնատար կառք մը կը գտնեն եւ կիրով կը լեցնեն` ծանրութիւնը հաւասարակշռելու համար եւ ազատութեան մեքենան կը քշեն սահմանէն անդին` խորհրդային պահակազօրքին հրացանաձգութեան տակ: 1952 օգոստոս 12-ին է: Տարի մըն է արդէն, որովհետեւ Թեհրանի մէջ երկար դիմումներ անհրաժեշտ եղած են, մինչեւ որ կարենան Ֆրանսայի ճամբան գտնել»:

«Ֆիկարօ» իր եզրակացութեան մէջ դառնութեամբ կը գրէ. «Անձրեւի տեղատարափը սաստկացած էր, երբ երկու փախստականները, թեթեւ հագուած, իրենք զիրենք գտան, գիշերը, Փարիզի կարծր մայթին վրայ: Որովհետեւ որքան ալ անմիտ թուի, պաշտօնական կազմակերպութիւնները այս պարագային ապշեցուցիչ անտարբերութիւն մը ցոյց տուին. «Պիտի ջանաք հայրենակիցներ գտնել, որոնք Իսի Լէ Մուլինօ կ՛ապրին, բացատրեցին այս երկու ակամայ արմատախիլները` առանց կորսնցնելու իրենց խանդավառութիւնը»:

«Ֆրանս-Սուար» գրեթէ նոյնը կը պատմէ` քիչ մը աւելի սիւսփենս դնելով իր խորագրին մէջ եւ խորհրդածութիւններ ընելով 1947-ի ներգաղթի շարժումին մասին:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արցախեան Գործընթացում` Մեռեալ Փակուղի. Ամերիկացիները Փորձում Են Նոր Շունչ Տալ Բանակցութիւններին

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.