Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻԱ ԺԻՒՓԷԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

June 10, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա «Ռուսիյա Ալիոմ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական լիկան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ բանաձեւի զարգացումներուն հեռուէն կը հետեւի, որովհետեւ այս հարցին շուրջ լիկային խորհուրդը չէ հայցուած եւ բանաձեւի պատճէնը լիկային չէ ուղարկուած, այդ պատճառով ալ Արաբական լիկան այս հարցով որոշ կեցուածք մը չունի:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի այն յայտարարութիւնը, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է` յայտնելով, որ ան «ինքնիրեն իրաւունք կու տայ պետութիւններու ղեկավարներուն օրինականութիւն շնորհել կամ զայն յետս կոչել»` աւելցնելով, որ անոր այդ յայտարարութիւնը ժամանակավրէպ դարձած գաղութատիրութեան շրջանի մթնոլորտին վերադարձ մըն են` աւելցնելով, որ Սուրիա կը մերժէ բարեփոխումներուն հարցին մէջ արտաքին որեւէ միջամտութիւն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ հետ երկխօսութեան բոլոր միջոցները սպառեցինք», իսկ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի յայտարարեց, որ Սուրիոյ դիմաց գտնուող բարեփոխումներ կատարելու առիթը «վերջինն է, վերջինը, վերջինը»: Պենետիկտոս ԺԶ. պապը իր կարգին Վատիկանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները պէտք է յարգեն մարդկային արժանապատուութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ յայտարարեց, որ Սուրիա նախագահ Ասատի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին խնդիրներ արտածող երկրի վերածուած է: Ան դարձեալ նշեց, որ Ասատ պէտք է կա՛մ բարեփոխումներ կատարէ, կա՛մ հեռանայ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա ապաստանած սուրիացիներուն թիւը աւելի քան 2400 է: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ լուրջ բարեփոխումներու սկսելու: «Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներու ժամանակացոյց ճշդելու ժամանակը հասած է», ըսաւ Տաւութօղլու:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին իր մօտ կանչեց Իրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Ճէյն Մարիոթը եւ անոր յայտնեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի այն ամբաստանութիւնը, թէ Իրան Սուրիոյ կ՛օժանդակէ կառավարութեան դէմ ցոյցերը ճնշելու, անհիմն է եւ անտրամաբանական է:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` չընդառաջելու Քըրտահայի Սայիտա Նաայիսա մզկիթին առջեւ այսօր ցոյց կատարելու հրաւէրին, որ երէկ Լաթաքիոյ կարգ մը շրջաններուն մէջ թռուցիկներու ճամբով ժողովուրդին ուղղուած էր:

Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 10 օրուան ընթացքին Դամասկոսի մէջ հաւանաբար ընդդիմադիր եւ անկախ անձնաւորութեանց մասնակցութեամբ Սուրիոյ քաղաքական եւ տնտեսական ապագային շուրջ ընդլայնուած ազգային երկխօսութիւն մը տեղի ունենայ:

 

 

 

Նախորդը

ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅՐԵՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ. «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՍԿՍԱՒ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ

Յաջորդը

ԼԻՊԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԿԱՊԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄԵԾ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.