Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մաքսային Միութեան Անդամակցիլը Կրնայ Ծանր Հետեւանքներ Ունենալ Մեր Վրայ» Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան

September 13, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դաւիթ Իշխանեան

ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ  Մաքսային միութեան միանալու հոլովոյթը պէտք է դիտարկուի լոկ իբրեւ տնտեսական հոլովոյթ, որովհետեւ ատիկա փոխկապակցուած է քաղաքական շարժառիթներու հետ:

«Հիմա դժուար է ըսել, թէ տնտեսական առումով ի՛նչ պիտի տայ անիկա Լեռնային Ղարաբաղին, դժուար է մեկնաբանել կամ գնահատական տալ: Վերջին տարիներուն ընդհանուր քննարկումները, հրապարակումները, վերլուծութիւնները տակաւին ամբողջական պատկերացում չեն կրնար ստեղծել  ոչ միայն հանրութեան, այլեւ քաղաքական շրջանակներուն համար. դժուար թէ հիմա կարելի ըլլայ այդ ամէնը մեկնաբանել», Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան վերաբերեալ «Ապառաժ»-ին տեսակէտ յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կրնայ տալ Մաքսային միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղին, Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ «2010 թուականէն մինչեւ այսօր ընդգծուած կարծր միջամտութիւնները Ռուսիոյ կողմէ, իւրայատուկ պատգամները Հայաստանի իշխանութիւններուն թոյլ կու տան ենթադրել, որ Մաքսային միութեան անդամակցիլը կրնայ մեր վրայ ունենալ ծանր հետեւանքներ: Մէկ բանի մէջ համոզուած եմ, որ մենք կը թեւակոխենք հայ ժողովուրդի պատմութեան նոր փուլ մը: Թէ ինչ պիտի կատարուի այդ հանգրուանին մէջ, տակաւին պարզ չէ, բայց կրնանք ըսել` այդ ամէնը, ամենայն հաւանականութեամբ,  կապուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութեան եւ լինելիութեան  հետ»:

Մաքսային միութեան անդամ Ղազախստանի  յայտարարութեան, թէ դէմ է Ղարաբաղի հետ Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցութեան, Դավիթ Իշխանեան հանգիստ կը վերաբերի`  նշելով, որ չի  կարծեր, թէ Մաքսային միութեան մէջ Հայաստան կրնայ ըլլալ առանց Ղարաբաղի:

«Այս առումով ասիկա պէտք է ըլլայ մեր ընդհանուր տեսակէտը, եւ յոյս կը յայտնեմ, որ այս սկզբունքով կ՛առաջնորդուին հայկական դիւանագիտական շրջանակները», նշեց Իշխանեան:

Շրջանառուող վարկածին, որ Ռուսիա պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, Իշխանեան թերահաւատօրէն կը մօտենայ: «Ատիկա միմիայն վարկած է, չեմ կարծեր, որ Ռուսիա մօտ ապագային կրնայ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, շարք մը դրդապատճառներ կան, որոնք թոյլ չեն տար ատիկա կատարել յառաջիկայ տարիներուն»:

«Պէտք է առկայ քաղաքական իրավիճակին մէջ կարենանք ելքեր գտնել`  ժամանակ շահելու համար: Թերեւս նաեւ այս քայլը ժամանակ շահելու հոլովոյթ է, ի վերջոյ, աշխարհաքաղաքական առումով զարգացումները կը տանին այնպիսի ուղղութեամբ մը, որ մեզի համար Մաքսային միութեան մասին խօսիլը սուրիական խնդիրին խորապատկերին վրայ  երկրորդական կրնայ դառնալ: Կը կարծեմ, որ որեւէ բնականոն կերպով դատող եւ քաղաքական միտք ունեցող հայ մարդ մտահոգութիւններ պիտի ունենայ, սակայն հարցը պետք է բազմակողմանիօրէն քննարկել եւ ունենալ ընդհանուր մօտեցում», աւելցուց Դաւիթ Իշխանեանը:

 

Նախորդը

Մայրամուտ, Որը Հարկաւոր Է Կասեցնել (Մաս VIII).Վերնախաւի Մասին (Եզրափակում)

Յաջորդը

Օպամա Նախագահ Սարգսեանին Կոչ Կ՛ուղղէ Նորովի Ջանքեր Գործադրելու

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.