Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիւանագիտութեան Առիթ Ընծայելով`. Օպամա Քոնկրեսէն Կը Խնդրէ Սուրիոյ Դէմ Ուժի Օգտագործման Բանաձեւին Շուրջ Քուէարկութիւնը Յետաձգել

September 12, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ ամերիկացի ժողովուրդին ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին Քոնկրեսէն խնդրեց Սուրիոյ դէմ ուժի օգտագործման բանաձեւին շուրջ «ներկայիս քուէարկութիւն չկատարել` սպասելով դիւանագիտական ջանքերուն»` աւելցնելով, որ բանակէն պահանջած է «պատրաստ ըլլալ դիւանագիտութեան ձախողութեան պարագային միջամտելու»:

Ան նշեց, որ իր ուզածը «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քիմիական զէնք օգտագործելու կարողութիւնը ջլատելու զինուորական սահմանափակ հարուած մըն է», որուն նպատակը «Ասատի քիմիական զէնք օգտագործելուն արգելք հանդիսանալն է»:

Օպամա ընդգծեց, որ սուրիական հողերուն վրայ ամերիկացի զինուորներ պիտի չտեղակայէ` նշելով, որ «Իրաքէն եւ Աֆղանիստանէն ետք զինուորական արարքի գաղափարը ժողովրդականութիւն վայելելէ դադրած է»: «Հարուածները Ասատի պիտի ուղղեն այն պատգամը, որ աշխարհի մէջ մեզմէ բացի ոչ ոք կրնայ յղել», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով, որ «եթէ չշարժինք, Ասատ պիտի կարծէ, որ կրնայ իր ժողովուրդին եւ դրացիներուն դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործել, իսկ Իրան պիտի կարծէ, որ կրնայ իր հիւլէական ծրագիրի զարգացումը շարունակել»:

Օպամա ըսաւ, որ «մեր տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ սուրիական վարչակարգը իր ուժերուն հրամայած է քիմիական զէնքերը օգտագործել»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ «Ռուսիա կ՛ուզէ մասնակից դառնալ Ասատը քիմիական իր զէնքերէն հրաժարելու մղելու աշխատանքին»` վստահեցնելով, որ Իսրայէլ կրնայ բռնի ուժով եւ ամերիկեան աջակցութեան շնորհիւ ինքզինք պաշտպանել:

«Տակաւին շատ կանուխ է ըսելու, թէ Ասատը իր երկրին քիմիական զէնքերու վերահսկողութիւնը յանձնելու մղելու դիւանագիտական ջանքը յաջողութեամբ պիտի պսակուի՞, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնեն բանաձեւ մը` երաշխաւորելու համար, որ Սուրիա իր խոստումները կը կատարէ` ընդգծելով, որ «անցնող քանի մը օրուան ընթացքին արձանագրուած դրական զարգացումները զինուորական սպառնալիքի ճնշումին արդիւնքն են»:

Խօսելով Սուրիոյ տագնապին մասին Օպամա ըսաւ, որ «ոչ ոք կրնայ բռնի ուժի օգտագործումով քաղաքացիական պատերազմի մը վերջ տալ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «մօտ օրէն հանդիպումը պիտի ունենան քիմիական զէնքերը հսկողութեան տակ դնելու, եւ արդիւնքներուն պիտի սպասենք»: «Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` Ժընեւի մէջ: «Ռաշա Թուտէյ»` յղում կատարելով Ժընեւի մէջ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրի մը, կը հաղորդէ, որ Լաւրով-Քերրի հանդիպումը, որուն սկիզբը այսօր նախատեսուած է, կրնայ քանի մը օր երկարիլ եւ մինչեւ շաբաթ օր շարունակուիլ:

Ռուսիա մերժած էր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ յայտարարուած ՄԱԿ-ի բանաձեւ մը, որ Սուրիոյ 15 օրուան պայմանաժամ մը կը ճշդէր իր քիմիական ծրագիրին ամբողջական յայտարարութիւն մը կատարելու, իր բոլոր կեդրոնները ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն առջեւ բանալու եւ Դամասկոսի կը սպառնար «անհրաժեշտ միջոցառումները» որդեգրելու, եթէ պահանջներուն չենթարկուէր: Ռուսիա փոխարէնը կոչ ուղղած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ մը գումարելու: Լաւրով զինուորական քայլերու սպառնալիքը «անընդունելի» նկատեց, իսկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ ռուսական առաջարկը կրնայ յաջողիլ միայն, եթէ Միացեալ Նահանգներ եւ ուրիշներ «մեզի ըսեն, որ կը հրաժարին Սուրիոյ դէմ ուժի օգտագործման իրենց ծրագիրէն»:

Քերրիի եւ Լաւրովի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք, ռուսերը Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի մը պահանջէն հրաժարեցան եւ փոխարէնը համաձայն գտնուեցան, որ Քերրի եւ Լաւրով դէմ առ դէմ հանդիպում մը ունենան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է, որ հանդիպումին նպատակը վստահ ըլլալն է, որ Սուրիոյ զէնքերու հարցով Ռուսիոյ նկատի ունեցածը համապարփակ եւ ստուգելի ըլլայ, ինչպէս նաեւ յստակ դարձնել, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց գործընկերները կը պնդեն, որ առաջարկը հետեւանքներ պարունակէ, եթէ Սուրիա խոստումները չյարգէ: Ամերիկեան վարչակարգէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը նշած է, որ «մենք այդ առաջարկին կը սպասենք, սակայն երկար պիտի չսպասենք: Մենք ուշադիր կերպով պիտի սերտենք զայն, սակայն անիկա արագ, իրական եւ ստուգելի պէտք է ըլլայ… Եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը ձգտի զայն իրագործելու միջոց մը ըլլալ, ապա անիկա քննարկումի ընկերութիւն մը չի կրնար ըլլալ»:

Նշենք, որ Տուման երէկ Քոնկրեսին եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ դէմ յարձակումին արգելք հանդիսանալու:

Սպիտակ տունը երէկ գիշեր յայտարարեց, որ «Սուրիոյ տագնապին հարցով դիւանագիտութեան որեւէ ձախողութիւն զինուորական սահմանափակ միջամտութեան պիտի առաջնորդէ»` ընդգծելով, որ նշեալ դիւանագիտական հոլովոյթին մէջ խնդրոյ առարկայ է Ռուսիոյ վարկը:

ՄԱԿ-ի Հետաքննիչներ. «Կառավարական Ուժերն
Ու Զինեալները Պատերազմական Ոճիրներ Գործեցին»

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի հետաքննիչ յանձնախումբը հրապարակեց զեկուցում մը, որուն մէջ նշեց, որ սուրիական կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիր, ներառեալ` օտար զինեալներու կողմէ գործուած պատերազմական ոճիրներու թիւը անցեալ ամիսներուն աճ արձանագրած է:

Մասնագէտները յայտնեցին, որ իրենք «մեծաւ մասամբ կառավարական ուժերու կողմէ» քիմիական զէնքերու օգտագործման մասին վարկածներ լսած են, սակայն «հիմնուելով ներկայիս մեր տրամադրութեան տակ գտնուող փաստերուն վրայ, կարելի չէ օգտագործուած քիմիական նիւթերուն, անոնց օգտագործման համակարգերուն կամ յանցագործներուն մասին եզրակացութեան մը յանգիլ»:

Ռուհանի. «Սուրիոյ Դէմ Պատերազմի Վտանգը
Նուազեցաւ, Սակայն Այդ Մասին Բացարձակ
Վստահութեամբ Կարելի Չէ Խօսիլ»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէմ պատերազմի վտանգը նուազեցաւ, սակայն այդ մասին բացարձակ վստահութեամբ կարելի չէ խօսիլ»: Ան Սուրիան նկատեց «խաւարի ճակատին ու ամբարտաւանութեան դիմակայման առանցքի առաջին գիծը»` աւելցնելով, որ «պատերազմի ուրուականը Սուրիայէն ու շրջանէն հեռացնելը շատ կարեւոր քայլ է», սակայն «եթէ Սուրիոյ դէմ պատերազմը ծագի, քանդիչ պիտի ըլլայ եւ անոր հետեւանքները նախ եւ առաջ անոր ձգտող երկիրներուն պիտի վնասեն»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի իր կարգին յայտնեց, որ ինք Սուրիոյ վերաբերեալ ամերիկեան վերջին կեցուածքին նկատմամբ կասկածներ ունի: «Ամերիկա իր շահերը պաշտպանելը օրինական արարք մը կը նկատէ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ի վնաս այլ պետութեանց է»:

Խամենէի յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ ամերիկեան նոր կեցուածքը լուրջ ըլլայ եւ ոչ թէ` լրատուական խուսանաւում մը:

Փերեզ. «Ամերիկա Սուրիոյ Դէմ Յարձակում
Պիտի Գործէ, Եթէ Վերջինս Քիմիական Զէնքերը
Իր Հողերէն Դուրս Չբերէ»

Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ դէմ յարձակում պիտի գործեն, եթէ վերջինս քիմիական զէնքերը իր հողերէն դուրս բերելու եւ վնասազերծելու իսկական քայլեր չգործադրէ»:

Ան շեշտեց, որ «դիւանագիտական քայլերու որեւէ արդիւնք միշտ ալ պատերազմէն լաւ է, սակայն ներկայիս գլխաւոր հարցը սուրիական վարչակարգին հաւաստիութիւնն է»:

Հոլլանտ. «Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Համար
Սուրիական Վարչակարգը Պատժելու Պատրաստ Ենք»

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ գումարուած Ֆրանսայի պաշտպանութեան խորհուրդի ժողովի աւարտին յայտարարեց, որ Ֆրանսա պատրաստ կը մնայ «քիմիական զէնքի օգտագործման համար սուրիական վարչակարգը պատժելու եւ այդ զէնքի օգտագործման կրկնութիւնը արգիլելու»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հոլլանտ այդ ժողովին ընթացքին յայտնած է, որ Ֆրանսա վճռակամ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բոլոր միջոցները փորձելու` Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու ազդու եւ կարելի եղածին չափ շուտ ստուգման առիթ ստեղծելու համար:

Անգարա Սուրիական Որեւէ
Յարձակումի Դէմ Դնելու Ծրագիր Մշակած Է

Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ զետեղած են Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ` առ ի պատրաստութիւն որեւէ ապահովական կացութեան: Այդ համակարգերը զետեղուած են Լաթաքիոյ նահանգին մօտ գտնուող Պապ Հաուա սահմանային անցքին մօտ:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Անգարա ծրագիրներ մշակած է Սուրիոյ դէմ հարուածի մը պարագային դիմակայելու թրքական քաղաքներու դէմ սուրիական յարձակում մը` նշելով, որ թրքական հակադարձութիւնը միայն «Փաթրիոթ» հրթիռներով պիտի չըլլայ, այլ նաեւ` թրքական բանակը «Էֆ-16» օդանաւերով պիտի հարուածէ Լաթաքիոյ մէջ հակաօդային պաշտպանութեան այն կեդրոնները, որոնք 4 յունիս 2012-ին թրքական օդուժի «Էֆ-4» օդանաւը վար առած էին:

Վրաստան Եւ 7 Այլ Երկիրներ Աջակցութիւն
Յայտնած Են Սուրիան Հարուածելու
Ամերիկեան Ծրագիրին

«ՌԻԱ-Նովոսթի»` յղում կատարելով Սպիտակ տան, կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի օր 8 յաւելեալ երկիրներ աջակցութիւն յայտնած են Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրին:

Յայտարարութեան միացած են Վրաստանը, Կուաթեմալան, Քուէյթը, Մալթան, Մոնթենեկրոն, Փանաման, Լեհաստանը եւ Փորթուգալը: Այդպիսով, ամերիկեան հարուածին զօրակցող երկիրներուն թիւը բարձրացած է 33-ի:

Նախապէս այդ ծրագիրին իրենց աջակցութիւնը յայտնած էին Ալպանիան, Աւստրալիան, Բրիտանիան, Հունգարիան, Գերմանիան, Հոնտիւրասը, Դանիան, Սպանիան, Իտալիան, Քանատան, Քաթարը, Հարաւային Քորէան, Լաթվիան, Լիթուանիան, Հարաւային Քորէան, Մարոքը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան, Խրուաթիան, Ճափոնը, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգներն ու Քոսովոն:

Նշենք, որ «Մայատին» երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը քրիստոնէական Մաալուլա գիւղը առած է իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ:

Արաբական լիկան ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ ճակատումներու դադրեցում պարտադրող որոշում մը որդեգրելու:

 

 

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Այլընտրանքը Պէտք Է Քիւրտերուն Իրաւունքները Նկատի Ունենայ» Կ՛ըսէ Պարզանի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.