Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ամերիկեան Թայմ Աութի Կանոնները

September 12, 2013
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական հիմնախնդրի հանգուցալուծման միտող, կամ աւելի ճիշդը պատերազմական գործողութիւններու սկիզբը առկախելու  փորձ կատարող ռուսական նախաձեռնութիւնը յստակօրէն գէթ որոշ հանգրուանի մը համար յաջողեցաւ փոխել իրավիճակը։ Համատարած տպաւորութիւն եւ համոզում գոյացած էր այն մասին, որ ամերիկեան Քոնկրեսի քուէարկութենէն անմիջապէս ետք, նոյնիսկ Ծերակոյտի քուէարկութեան աւարտին ռազմական գործողութիւնները պիտի սկսէին սուրիական թիրախներու ուղղութեամբ։ Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը ռազմական գործողութիւններու սկիզբի թուական, թէկուզ ոչ պաշտօնական, նախատեսուած էր 11 սեպտեմբերը, որ ամերիկեան տրամաբանութեամբ պիտի խորհրդանշէր միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրը…

Ռուսական նախաձեռնութիւնը թուականի եւ ներկայացման ժամանակի իմաստով եւս պատահականութիւն չէր անշուշտ։ Շատ շուտով պարզ դարձաւ, որ նախաձեռնութիւնը համաձայնեցուած էր Միացեալ Նահանգներու հետ։ Նախաձեռնութեան հրապարակումին յաջորդեց համաձայնեցուած երկրորդ հանգրուանը։ Միացեալ նահանգները առին թայմ աութը։ Իսկ այստեղ, միջանկեալ ձեւակերպութիւները յարգելու համար անմիջապէս պէտք էր Դամասկոսի ողջունումը, որ անշուշտ տեղին եւ ատենին կատարուեցաւ։

Ամերիկեան թայմ աութի բացատրութիւնը երէկ տրուեցաւ նախագահ Օպամայի կողմէ։ Դրական շեշտադրումներով յագեցած բացատրողական մըն էր, որուն միտք բանին այն էր, որ դիւանագիական լուծումը այս բոլորին մէջ գերադասելի է Միացեալ Նահանգներուն համար, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի չմիջամտեն ներսուրիական պատերազմին, թէ այս բոլորին նպատակը զանգուածային ոչնչացման զէնքերու չէզոքացումն է եւ բացառումը նման միջոցներու օգտագործման։

Ճիշդ է, որ ռուսական համաձայնեցուած նախաձեռնութեան իբրեւ արդիւնք ռազմական գործողութիւնները անժամկէտ յետաձգուած են։ Քանի մը դիտարկում սակայն պէտք չէ բաց թողել, ամերիկեան թայմ աութի հիմնաւորումներուն եւ դադարի այս հանգրուանի նախապատրաստման մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն վրայ բացուող լուսարձակները ամփոփ ձեւով նշելու համար։

Ռուսական կոչը Դամասկոսին, յանձնելու համար քիմիական զէնքի պահեստը միջազգային ընտանիքին, ինքնին կը փաստէ առկայութիւնը սուրիական իշխանութիւններուն մօտ զանգուածային ոչնչացման նման միջոցներու։ Աւելի ճիշդը ռուսական հաստատումը այդ առկայութեան։ Ռուսական այս հաստատումը կը կատարուէր ճիշդ ՄԱԿ-ի փորձագէտներու քննութեան  արդիւնքի յայտարարութեան նախօրեակին։ Տակաւին միջազգային մակարդակով չհաստատուած, թէ ո՞վ է քիմիական զէնքերու օգտագործման հասցէատէրը, Մոսկուան կ՛առաջարկէր Դամասկոսին յանձնել քիմիական պաշարը։

Ասիկա անշուշտ բաւարար էր քիմիական պաշարի առկայութիւնը փաստելու.բայց ասով ալ չէր բաւարարուեր քիմիականի առկայութեան հաստատումը։ Դամասկոսը կ՛ողջունէր ռուսական նախաձեռնութիւնը, ուղղակի-անուղղակի ինքնախոստովանելով  իր մօտ առկայութիւնը նման զինամթերքի։

Անշուշտ կայ այստեղ տրամաբանութիւն, որ նման զէնքերու առկայութիւն չ՛ենթադրեր անպայման անոր օգտագործումը կամ անոր օգտագործուած ըլլալը։ Մնանք սակայն գերտէրութիւններու յայտարարութիւններու ճշդած տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ։ Երբ օգտագործուած քիմիականի ուղղութեամբ ամբաստանութիւնները երկկողմանի էին, առնուազն կ՛ակնկալուէր նաեւ հակառակորդ կողմին եւս պահանջ ներկայացնել քիմիական զէնքի պահեստները յանձնելու միջազգային ընտանիքին։ Կոչը կարելի էր ուղղել կողմերուն՝ յանձնելու զանգուածային ոչնչացման միջոցները։ Մանաւանդ, երբ նոյն այդ միջազգային ընտանիքը տակաւին չէր եզրակացուցած պատասխանատուութեան խնդիրը։

Ռուսական համաձայնեցուած այս նախաձեռնութիւնը ենթահող պատրաստեց միջազգային փորձագիտական եզրակացութեան։ Փորձագէտները այլեւս  հանգիստ կրնային յայտարարել, թէեւ առանց ուղղակի փաստեր ունենալու, որ  կառավարական ուժերն են քիմիականի օգտատէրերը։ Այս մէկն ալ ռուսական առաջարկէն, ամերիկեան թայմ աութէն ետք համաձայնեցուած ընդհանուր նախաձեռնութեան միջազգային երրորդ արարն էր։

«Ա.»

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Ճաշ Ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.