
Զինուորական ատեանի դատախազ Ֆատի Սուուան բերման գիրեր յղեց հինգ սուրիացի եւ երկու լիբանանցի քաղաքացիներու դէմ` Պալլունէի եւ Արամունի հրթիռարձակումներուն հարցով:
Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Պալլունէէն հրթիռ արձակողները խոստովանած են, թէ իրենց հրթիռները Թրիփոլիէն Մէյրուպա փոխադրած են եւ զանոնք պահած սառնարանի մը մէջ:
«Մանար» յայտնեց, որ հրթիռարձակում կատարող հիմնական յանցագործներն են սուրիացիներ Մոհամետ Տըպս եւ Մոհամետ Ժամալ Իսմայէլ:
Ըստ նոյն կայանին, Իսմայէլ յայտնած է, որ Տըպս պիտի ուղղուէր Սուրիա եւ ապահովէր Լիբանանի մէջ ահաբեկչական մեծ գործողութիւն մը կատարելու յատուկ սարքեր եւ ականներ, իսկ Տըպս խոստովանած էր, որ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատուէ մը 20 անթել հաղորդակցութեան սարք գնած է:
Իսկ «Լեպանոն տիպէյթ» կայքէջին համաձայն, Պալլունէէն հրթիռարձակում կատարող յանցագործները խոստովանած են, թէ իրենք կը միտէին Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձնել:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, Թուրքիոյ մէջ բնակող անհատ մը ֆինանսաւորած է հրթիռարձակում կատարող եօթը յանցագործները:


