ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ շրջանային եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ Սուրիա խորհրդանշականութիւն մը ունի` աւելցնելով, որ Սուրիա այսօր շատ աւելի զօրաւոր է եւ անոր բանակը անխոնջ կը պայքարի` հաւատալով իր կերտելիք յաղթանակին: Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ տոկալու կամքը շփոթի մատնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւ Իսրայէլը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Սուրիան իսրայէլացիներուն, ամերիկացիներուն եւ ֆրանսացիներուն համար դիւրաւ կուլ տրուող պատառ մը պիտի չըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի յատուկ աղբիւրներ «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ երեք ութերու հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը բաւական լուրջ էին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի շեշտեց, որ Մաալուլայի մէջ արձանագրուած բռնարարքները իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը հարուածելու քայլեր կը նկատուին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն համար մեծ ամօթ է` կառավարութեան մասին իր որոշումը արտաքին որոշումի հետ առնչել:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, անդրադառնալով Մաալուլայի մէջ գործուած բռնարարքներուն, խստիւ դատապարտեց սրբութիւններուն վրայ գործուած յարձակումը եւ կոչ ուղղեց վերադառնալու ազգային երկխօսութեան` լուծելու համար Սուրիոյ տագնապը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը ազգային ապահովութեան ցանց մը երաշխաւորելու ամէնէն արագ միջոցն է:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարգաւաճումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ ոմանք Սուրիոյ դէպքերուն վրայ գրաւ չդնեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը դէպի քանդում կ՛ուղղուի, եւ Հըզպալլա պէտք է իր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է եւ անհրաժեշտ է պատրաստուիլ յաջորդ հանգրուանին:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը շարունակեն գործակցիլ` լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը պահպանելու համոզումով:


