
Ի կատարումն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի 26 օգոստոսի հրամանագիրէն բխող յանձնարարականին, 6 սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան շահագրգիռ մարմիններու պատասխանատու աշխատակիցներուն մասնակցութեամբ հրաւիրած է խորհրդակցութեան մը, որուն ընթացքին քննարկուած են ընկերային-տնտեսական ծրագիրներու իրականացման, գիւղատնտեսութեան, շինարարութեան եւ սնունդի ու թեթեւ արդիւնաբերութեան տեղական արտադրութեան զարգացման ուղղութեամբ նոր մեթոտներու կիրարկման վերաբերող հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ կարեւոր նկատելով սեփական ծրագիրներու խթանումը` փոխվարչապետը անդրադարձած է պետական գոյքի արդիւնաւէտ կառավարման փորձերուն, թեթեւ արդիւնաբերական եւ սնունդի տեղական արտադրութեան զարգացման հեռանկարներուն, որոնցմով պայմանաւորուած լուծում պիտի տրուի նաեւ ռազմավարական նշանակութեան մէկ այլ կարեւոր` զբաղուածութեան հարցին:
Խօսելով փորձնական ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան մասին` Արթիւր Աղաբեկեան առաջնորդուած է «Կառավարում» փակ բաժնետիրական ընկերութեան գործունէութեամբ, որուն մէջ կազմին մէջ առկայ են ձեռներէցներուն վարձակալութեան հիմունքով տրամադրուելու ենթակայ 10 արտադրական մեծ նշանակութեան պետական գոյք` Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ:
Փոխվարչապետը ներկաներուն յանձնարարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակին գիւղական մթերքներու եւ թեթեւ արդիւնաբերական արտադրանքի մատակարարման մարզերուն մէջ կառավարութեան կողմէ առաջարկուող նպաստաւոր պայմաններուն եւ հարկային արտօնութիւններուն մասին տեղեկացնել անհատ ձեռներէցներուն` նոր ծրագիրներու սկսելու գործին մէջ զանոնք շահագրգռելու եւ ստացուող առաջարկները քննարկելու ու հաշուի առնելու նպատակով: Արտօնագրման նոր պայմաններ պիտի առաջարկուին նաեւ տեղական ոգելից ըմպելիներու արտադրութեամբ զբաղող ձեռներէցներուն, մասնաւորապէս բնապահպանական փորձաքննութիւն պիտի կիրարկուի միայն յաւելեալ մեծ ծաւալներու ոգելից ըմպելիներու արտադրութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններուն նկատմամբ:
Փոխվարչապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նշեց, որ ձեռնարկուող քայլերը ուղղուած են ամբողջ հանրապետութեան տարածքին գործարարական միջավայրի հաւասարաչափ ձեւաւորման եւ զարգացման, նոր աշխատատեղերու ստեղծման:


