Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Կոչ Ուղղեց Միացեալ Կեցուածք Մը Ճշդելու Հաւատադրժողականներուն Դէմ

September 9, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մաալուլայի դէմ յարձակումը քրիստոնեաներուն արեւելեան ծագումին դէմ յարձակում է: Ան հաստատեց, որ ամէնէն վտանգաւորը մարդոց դէմ կրօնափոխ դառնալու կամ սպաննուելու սպառնալիքներն են:

Պասիլ աւելցուց, որ քրիստոնեաներուն մասին Արեւմուտքի կեցուածքը դրսեւորուեցաւ 2011-ին, երբ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտնեց, որ քրիստոնեաները Արեւելքին եւ մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղ չունին: «Անոր վրայ կրնայ աւելնալ նաեւ երկու օր առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի կատարած յայտարարութիւնը, թէ Միջին Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւնները պաշտպանելու կարիք չկայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ռուսիա միւս կողմէ կը կրէ քրիստոնեաները եւ եկեղեցիները պաշտպանելու կարգախօսը:

Պասիլ ակնարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կեցուածքներուն` նշելով, որ անոնք երկփեղկուած են` հաւատադրժողականներուն արարքները մերժող ու անոնց դէմ պայքարող կողմին եւ հաւատադրժողականներն ու անոնց արարքները ընդունող կողմին միջեւ:

Ան կոչ ուղղեց կեցուածքները վերատեսութեան ենթարկելու եւ միացեալ կեցուածք մը ճշդելու` հաւատադրժողականներուն դէմ:

Պասիլ հաստատեց, որ պէտք է մերժել զանոնք իշխանութեան հասցնելն ու պատերազմ շղթայազերծելը, որովհետեւ անոնք քրիստոնեաները պիտի մղեն արտագաղթի:

«Մենք պատրաստ ենք յանգելու միացեալ որոշումի մը, որովհետեւ մենք լուրջ ենք իսկական միացեալ կեցուածք մը ճշդելու առումով: Մեր ճակատագիրը այս հողին վրայ մնալ է, եւ եթէ Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ որեւէ եկեղեցի քանդուի, ապա մենք պիտի վերակառուցենք զայն. այնքան ատեն որ կառչած կը մնանք մեր հողին եւ քրիստոնէական հաւատքին, ոչինչ մեզ կրնայ վախցնել», եզրափակեց Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Շարպել. «Լիբանանի Մէջ Գտնուող Օտար Դիւանագէտներուն Պաշտպանութիւնը Ապահովուած Է»

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Աղօթք Եւ Պատարագ` Սուրիոյ Խաղաղութեան Համար

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.