Իրանի ծովուժի հրամանատար Հապիպուլլա Սիարի յայտարարեց, որ «Իրան ամբողջ Կասպից ծովուն կը վերահսկէ եւ կ՛ուզէ ծովուն արեւելեան բաժինին մէջ գտնուող իր նաւատորմիղին ներկայութիւնը ընդլայնել»:
Սիարի մատնանշեց «քարիւղով եւ կազով հարուստ Կասպից ծովուն կարեւորութիւնը եւ շրջանին մէջ կասպեան դրացի երկիրներուն հետ աւելի ընդարձակ համագործակցութեան ճամբով ապահովութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը»:
Ան Սուրիոյ տագնապին պատճառով Հորմուզի ջրանցքին մէջ կացութեան վատթարացման նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց:


