Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Անկախութեան 22-ամեակին Նուիրուած Հանրահաւաքին Ընթացքին. «Այսօրուան Մեր Գերխնդիրը Ազգային Նպատակներու Շուրջ Համախմբուիլն Է» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան

September 3, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ի համար աւանդութիւն դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան օրը նշել Ազատութեան հրապարակին վրայ: Երէկ եւս, Արցախի անկախութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 22-ամեակին առիթով ՀՅԴ-ն հրաւիրած էր տօնական հանրահաւաք-տօնախմբութեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան շնորհաւորեց Արցախի անկախութեան տօնին առիթով եւ իր խօսքին մէջ նշեց. «25 տարի առաջ ալ այս հրապարակը լեցուն էր, ժողովուրդը դուրս եկած էր պայքարի: Այդ ժամանակ անոնք չէին կրնար պատկերացնել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետոյ, ոչ ոք գիտէր, թէ յետոյ ինչ է»: Այդ մարդոցմէ շատեր, Յովհաննիսեանի համաձայն, այսօր չկան, մէկ մասը զոհուեցաւ պատերազմի դաշտին վրայ, մէկ մասն ալ մահացաւ հետագայ տարիներուն: Անոնց պայքարով, սակայն, հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

«Այս խաղաղ, համեմատաբար խաղաղ ժամանակաշրջանին մեր պայքարը Արցախի ճանաչման համար է: Մենք Արցախի մէջ զիջելիք բան չունինք: Այսօր Ազրպէյճանը ջղագարութեան մէջ է, անոնք ուղղակի խայտառակ ջղագար վիճակի մէջ են, ոչ միայն անոր համար, որ պարտութիւն կրած են եւ այդ հոգեվիճակը մինչեւ հիմա կը շարունակուի, այլ որովհետեւ կ՛ամչնան: Անոնք ունէին ամէն ինչ, իսկ մենք ոչինչ, բայց մենք զանոնք ծունկի բերինք», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:

Արցախի անկախութեան տօնին առիթով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ նշեց, որ այսօր Հայաստան յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդութիւններու առջեւ, երբ դարձեալ ճակատագրական ընտրութեան առջեւ կանգնած ենք:

Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք վերականգնել ազգային միասնականութիւնը: «Պէտք է արձանագրենք, որ անցեալ 25 տարիներուն լուրջ սխալներ թոյլ տուինք` շեղելով ազգային նպատակներէն: Մեր իշխանութիւնները չհասկցան, որ եթէ դուն չես ցաներ, չես մշակեր արդարութեան սերմը, անարդարութեան որոմը կը ծլի ու կը բազմապատկուի: Այսօր գերխնդիր ունինք ազատելու անարդարութեան որոմէն եւ համախմբուելու ազգային նպատակներուն շուրջ», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցան Հանրապետութեան Հռչակման 22-ամեակին Նուիրուած Տօնական Ձեռնարկներ

Յաջորդը

Խմբագրական. Արցախեան Ընտրանքը Սուրիահայութեան Համար (Արցախի Անկախութեան Հռչակման Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.