Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արցախեան Ընտրանքը Սուրիահայութեան Համար (Արցախի Անկախութեան Հռչակման Օրուան Առիթով)

September 3, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի անկախութեան հռչակման օրուան նշումը եթէ նախ պետութեան կայացման խորհուրդը կ՛ընդգծէ, ապա նոյնքան կարեւոր է անոր կայացման եղանակին մասին խորհրդածելը: Իսկ այդ մէկը ինքնին կը շեշտէ առաջին վայրկեանէն միջազգային ընտանիքի` կողմէ նուիրականացած սկզբունքի` ազգի ինքնորոշման իրաւունքի ժողովրդավար ձեւով յարգումը: Ի վերջոյ ինքնորոշումը, որուն վրայ կը կեդրոնանայ մեր բանակցային ամբողջ փիլիսոփայութիւնը, ժողովրդային կամարտայայտութեան ժողովրդավար հիմունքով կայացած ճանապարհն է, որմէ անցնցում անցած է արցախահայութիւնը:

Այստեղ պէտք է նկատի ունենալ  մատրիտեան սկզբունքներու (թէկուզ նորացուած տարբերակով) անժամկէտ հանրաքուէի վերակազմակերպման բանակցային կէտին շուրջ լարուած ծուղակ տեսնելու տրամաբանութիւնը:

Արցախահայութիւնը ինքնորոշուած է արդէն: Հանրաքուէով. եւ այն ալ շատ ժողովրդավար հիմունքով: Ժողովուրդը քուէարկած է թէ՛ Ազրպէյճանի բռնատիրութենէն անկախանալու եւ թէ՛ ինքնիշխան պետութիւն ստեղծելու օգտին: Վերստին հանրաքուէ կազմակերպելու պահանջը, այն ալ անժամկէտ, ունի իր տրամաբանութիւնը:

Ազրպէյճանցի գաղթականներու տունդարձի պահանջը անշուշտ բանակցային կէտ է` սեղանի վրայ դրուած: Պաքուն լիարժէք կ՛օգտագործէ գաղթականներու հարցը` մարդկային իբրեւ թէ աղէտի, ժողովուրդի տեղահանութեան եւ մարդկային տարրական իրաւունքներու խախտման դէպքերու վրայ հրաւիրելով կառավարական եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններու եւ մանաւանդ միջազգային հանրութեան ու համապատասխան ֆոնտերու ուշադրութիւնը: Ի դէպ, թղթածրար մը, որ հայկական կողմը համարժէք չարծարծեց` միջազգային մանրադիտակներու լուսարձակներու տակ տեղադրելու համար Պաքուէն, Սումկայիթէն, բայց մանաւանդ Գետաշէնէն, Մարտունաշէնէն, Շահումեանէն եւ յարակից շրջաններէն վերապրած հայերու իրավիճակը:

Բանակցային փիլիսոփայութիւնը կը յուշէր, որ ազրպէյճանցի գաղթականներու դիմաց համարժէք արծարծուէին նաեւ հայ գաղթականներու կապուած բազմապիսի խնդիրները: Այս մէկը ոչ անպայման միջազգային ֆոնտերէ մեծ յատկացումներ ապահովելու համար, այլ բանակցային գործընթացին իբրեւ կարեւոր հակափաստարկ արծարծելու համար:

Ի վերջոյ անժամկէտ հանրաքուէն ազրպէյճանցի գաղթականներու տունդարձի պայմանականութեան հետ կապ ունի. Արցախի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան երազանքը Պաքուն մղած է անընդհատ խօսելու իր գաղթականներուն մասին:

Արցախը ինքնորոշուած է յարգելով միջազգային օրինաչափութեան ճշդած եղանակը` հանրաքուէն, որ նաեւ ընթացած է ժողովրդավար հասարակարգի համապատասխան չափորոշիչներով:

Գաղթականներու տունդարձի կամ ընդհանրապէս Արցախի բնակեցման խնդիրը սուր կերպով անհանգստացուցած է Պաքուն: Առաջին անգամը չէ, որ Պաքուի իշխանութիւնները կը բողոքեն տուեալ երկրին եւ միջազգային ընտանիքի համապատասխան կառոյցներուն, որ Արցախի իշխանութիւնները ոտնձգութիւններ կը կատարեն:

Իրաքի պատերազմական իրավիճակի օրերուն, Դամասկոսի մէջ այդ օրերուն տակաւին գործող Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը տեղւոյն  իշխանութիւններուն բողոքած էր, որ Սուրիան տարանցիկ կէտի վերածուած է Իրաքէն Սուրիա եւ ապա Հայաստան ու Արցախ մեկնող իրաքահայերուն համար:

Հիմա ալ բողոքը Արցախի մէջ հաստատուող սուրիահայ ընտանիքներուն կը վերաբերի: Պաքուն դարձեալ անհանգիստ է եւ կը բողոքէ: Շուրջ երեսունի հասնող եւ Արցախ հաստատուած սուրիահայ ընտանիքները  ի հարկէ կտրուկ փոփոխութիւն պիտի չբերեն ժողովրդագրական համապատկերին մէջ: Այս օրինակներու շահարկումն է, որ կը կատարէ Պաքուն դէպի միջազգային կառոյցները` ընդգծելու համար, որ հայկական կողմը իբրեւ թէ կը հակասէ բանակցային տրամաբանութեան: Խօսքը ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման մասին է այն շահարկումով, որ կը բնակեցուին տարածքներ, որոնց կարգավիճակի ճշդումը բանակցային թեմա է:

Ճիշդ է, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը սուրիահայութեան կարելիի սահմաններուն մէջ օժանդակելը գերադասած է իր յայտարարութեան մէջ: Այսուհանդերձ, ան պատասխանած է նաեւ Պաքուի բողոքին: Ի վերջոյ Արցախի օժանդակութիւնը իր նախադէպը ունի` սուրիահայ ընտանիքներուն համապատասխան դիւրութիւններ ընձեռելու առումով: Այժմ այդ դիւրութիւններու ընծայման մասին կը խօսի պաշտօնական Ստեփանակերտը, ի հեճուկս Պաքուի թէ՛ բողոքներուն եւ թէ՛ շահարկումներուն: Պարզ է ուղերձը. բնակեցումը պիտի շարունակուի:

Արցախը 22 տարի առաջ ինքնորոշուած է, անկախ հանրապետութիւն է, կայացած պետութիւն է եւ ի՛նք կ՛որոշէ նաեւ ճգնաժամի մէջ յայտնուած իր հայրենակիցներուն օժանդակութիւն տրամադրելու տարողութիւնն ու եղանակը: Այս օրերուն, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արցախեան ընտրանքը կրնայ յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնել ոչ միայն սուրիահայութեան համար: Հրատապ կարգով, նա՛խ սուրիահայութեան համար:

Նախորդը

Արցախի Անկախութեան 22-ամեակին Նուիրուած Հանրահաւաքին Ընթացքին. «Այսօրուան Մեր Գերխնդիրը Ազգային Նպատակներու Շուրջ Համախմբուիլն Է» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.