Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմամ Մուսա Սատըրի Անհետացման 35-ամեակ. Պըրրի Կ՛առաջարկէ Երկխօսութեան Հետեւողական Նիստեր Կատարել Եւ Բանակին Ու Դիմադրութեան Զէնքերէն Բացի Որեւէ Այլ Զէնք Մերժելի Կը Նկատէ

September 2, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեպիհ Պըրրի

Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անհետացման 35-րդ տարելիցին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ազգային երկխօսութիւնն է միակ ձեւը եւ հանրապետութեան նախագահին առաջարկեց վեց կէտերէ բաղկացող ճամբու քարտէս մը, որուն գործադրութեամբ կարելի կ՛ըլլայ երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը խաղաղեցնել:

Իմամ Մուսա Սատըրին մասին արաբական լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին մէջ լոյս տեսած բոլոր լրատուութիւններուն անդրադառնալով` Պըրրի շեշտեց, որ անոնք անճիշդ տեղեկութիւններ են:

Պըրրի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին առաջարկեց ճամբու քարտէս մը եւ ընդգծեց ազգային երկխօսութեան վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրի առաջարկեց, որ երկխօսութիւնը ըլլայ հնգօրեայ հետեւողական նիստերու շարք մը, որոնց ներկայ կը գտնուի նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամ:

Երկխօսութեան օրակարգին մասին Պըրրի յայտնեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է քննարկուին կառավարութեան ձեւն ու անոր մշակելիք աշխատանքային ծրագիրը, երկրորդ` բանակին տալ հինգ հազար կամաւոր նոր զինուորներ զինուորագրելու իրաւունքը, Թրիփոլիի դէմ ուղղուած զէնքին վերջ տալու համար ազգային ամբողջական զօրակցութիւն ապահովել, Պեքաան եւ Սուրիոյ հետ հիւսիսային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները փրկել զէնքերու եւ զինեալներու քաոսէն` վերջ տալով ահաբեկչական ցանցերուն եւ բջիջներուն, ինչպէս նաեւ սպանութեան առեւտուրով զբաղող աւազակախումբերուն գործունէութեան:

Երրորդ` Սուրիոյ տագնապին լիբանանեան միջամտութեան վերջ տալու միջոցներ որդեգրել, չորրորդ` երկրին դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական տագնապը շրջանցելու իմաստով ճամբու քարտէս մը գծել, հինգերորդ` ընտրական օրէնքի քննարկման շուրջ երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները վերաշխուժացնել, իսկ վեցերորդ` ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մշակել:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսիլը, որպէսզի կարելի ըլլայ համախոհութեան մը յանգիլ:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ բանակին ու Դիմադրութեան զէնքերէն բացի որեւէ այլ զէնք մերժելի կը նկատուի:

Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` Պըրրի յայտնեց, որ անիկա նման է պաղեստինեան իրավիճակին. ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ ընդդիմութեան եւ իշխանամէտներուն ազգային երկխօսութեան նիստ մը գումարելու, երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը վերահաստատելու եւ Սուրիան վերադարձնելու իր պատմական դիրքին եւ դերակատարութեան:

Այս ծիրին մէջ, Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց սէուտական-իրանեան յարաբերութիւններուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան հաստատումը` նշելով, որ անիկա բանալին է շրջանային տագնապներուն լուծման:

Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններու սանձազերծումին մասին խօսելով` Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանը ամէնէն աւելի պիտի ազդուի Սուրիոյ դէմ պատերազմին հետեւանքներէն:

Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գտնուող ապօրինի զէնքին մասին խօսելով` Պըրրի յայտնեց, որ այս հանգրուանին կատարուածը պահուըտուքի խաղ մը չէ, այլ կը ծառայէ տարբեր դաշինքներու բաժնելու ամբողջ շրջանը:

Պըրրի հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններուն ընդմէջէն եւ ոչ թէ ռմբակոծումներուն, «իսկ զինեալներուն ֆինանսաւորումն ու անոնց զէնք մատակարարելու քայլերը պատճառ պիտի դառնան, որ պատերազմը շարունակուի մինչեւ վերջին սուրիացի քաղաքացիին սպանութիւնը: Սուրիոյ ներկայ իրավիճակէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է, որ կը փափաքի Սուրիան արիւնաքամ տեսնել եւ վերջ տալ անոր շրջանային կարեւոր եւ հզօր դերակատարութեան», ըսաւ ան:

Պըրրի կոչ ուղղեց սուրիական վարչակարգին եւ ընդդիմութեան` կասեցնելու արիւնահեղութիւնը եւ սկսելու ազգային երկխօսութեան մը` յանգելով համաձայնութեան մը, որ կը վերահաստատէ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Հարցին Քաղաքական Լուծում Մը Գտնելու Եւ Զինուորական Ընտրանքը Մերժելու

Յաջորդը

Մայրամուտ, Որը Պէտք Է Կասեցնել (Մաս VI)

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.