Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

June 8, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ յստակ է, թէ ամերիկեան արտաքին ազդակը կը ճնշէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վրայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին կողմէ հրաւիրուած օրէնսդրական նիստին այսօր ընդդիմացողները տակաւին 2005-ին համաձայն էին, որ նոյնատեսակ նիստ մը գումարուի: Ֆըրզլի շեշտեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստը հակասահմանադրական չէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ համաձայնած են խորհրդարանի լիագումար նիստը միայն մէկ օրակարգով կայացնել` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի երկարաձգում:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերը հերքեցին շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանդիպում մը ունեցած են նախանցեալ երեկոյեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին բոլոր օրակարգերը այլեւս պէտք է քննարկուին եւ վաւերացուին:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առաջին օրէն ի վեր վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախարարներու անուններ կը պահանջէ` աւելցնելով, որ իրենք իրենց կարգին կը հաւատան, որ նախքան անուններու ճշդումը պէտք է համաձայնութիւնը երաշխաւորել:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ ներկայիս երբեք յարմար չէ Թաէֆի համաձայնագիրը փոփոխութեան ենթարկել:

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ դիւանագէտի մը համաձայն, Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը շատ վնասակար է, իսկ Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները շատ աւելի վնասակար են:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ երկարաձգել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը: Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կը փափաքի Ժիհատ Ազուրը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ նշանակել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, նկատել տուաւ, որ Թաէֆի համաձայնագիրը փոփոխութեան ենթարկելու որեւէ փորձ կրնայ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել:

ԱԶԱՏ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ խորհրդարանի նոր մեծամասնութիւնը սխալեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի անունը առաջադրելուն համար: Քարամ շեշտեց, որ պէտք էր Միքաթիի հետ համաձայնութիւն կնքել` նախքան վարչապետի պաշտօնին համար անոր թեկնածութիւնը առաջադրելը:

Նախորդը

ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Յաջորդը

ՖԱՏԻ ԺԵՄԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ՏԷՏԷԵԱՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.