
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թրքական պատմական ընկերութեան նախկին նախագահ, ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանական թեկնածու Եուսուֆ Հալաճօղլու կը յայտնէ, որ ինք իր աշխատանքէն հեռացուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի պահանջով:
«Ոմանք կը կարծեն, թէ զիս աշխատանքէս հեռացուցած են 2007-ին Կեսարիոյ մէջ կատարած յայտարարութեանս պատճառով, երբ ըսած էի, թէ որոշ քիւրտեր թիւրքմենական, իսկ մեծ թիւով ալեւի քիւրտեր ալ հայկական ծագում ունին: Սակայն զիս աշխատանքէ հեռացնելու բուն պատճառը ոչ թէ այդ էր, այլ` Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած պահանջը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Թուրքիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերեալ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենային: Ինչպէս բոլորիդ ծանօթ է, պաշտօնանկութենէս ետք Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու բացման հարցին վերաբերեալ հայաստանեան նախաձեռնութիւն անուան տակ համաձայնութիւն մը գոյացաւ: Եւ ահա այդ ժամանակ ալ Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները պահանջեցին, որ զիս աշխատանքէս հեռացնեն»:


