Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն օրակարգին վրայ կը գտնուէին բանակի մարտական պատրաստակամութեան եւ մարտական հերթապահութեան վիճակին ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 22-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ձեռնարկներուն նախապատրաստման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ զինեալ ուժերու մարտական պատրաստակամութեան բարձր մակարդակի ապահովումը եղած է եւ կը մնայ պետութեան ու պաշտպանութեան բանակի հիմնական խնդիրը, որուն արդիւնաւէտ իրականացման ուղղութեամբ նախագահը յստակ յանձնարարականներ տուաւ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան:
Անդրադառնալով օրակարգի երկրորդ հարցին` նախագահը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 22-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ձեռնարկներու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնախումբին յանձնարարեց ձեռնարկել անհրաժեշտ միջոցներ եւ ապահովել ծրագիրով նախատեսուած բոլոր ձեռնարկներուն պատճաշ մակարդակով կայացումը:


