Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ինտիփենտընթ»-ի. Սնոուտըն Միջին Արեւելքի Մէջ Բրիտանիոյ Գաղտնի Ռազմակայանին Մասին Տեղեկութիւններ Ունի

August 26, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էտուըրտ Սնոուտըն

Բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթը կը գրէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի փոխանցած տուեալները Միջին Արեւելքի մէջ Բրիտանիոյ գաղտնի ռազմակայանի մասին տեղեկութիւն կը բովանդակեն:

Արեւմտեան գաղտնի սպասարկութեանց համար համացանցի հսկողութեամբ զբաղող այդ հսկայ կեդրոնը կը հետեւի ե-նամակներուն, հեռաձայնային խօսակցութեանց եւ համացանցի վրայ շարժումներուն:

Կայանին ստացած տեղեկութիւնները կը մշակուին եւ կը փոխանցուին Չելթնեմի մէջ կառավարական կապի կեդրոնին եւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան:

Կառավարութիւնը կը պնդէ, որ կայանը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առանցքային տարր է եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հաւանական յարձակումներու մասին «կանուխ ահազանգման» շատ կարեւոր աշխատանքը կ՛ապահովէ:

Կայանին գտնուած ճշգրիտ վայրը չի հաղորդուիր:

«Ինտիփենտընթ» կը նշէ, որ այս բացայայտումը կը կատարէ այն բանէն ետք, երբ ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, որ կը սկսի ահաբեկչութեան վերաբերեալ հետաքննութեան` կապուած այն տեղեկութիւններուն, որոնք յայտնաբերուած են բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթին` Սնոուտընի մասին հրապարակումներ ընող թղթակից Կլեն Կրինուալտի պրազիլցի ընկեր Տէյվիտ Միրանտայի համակարգիչին մէջ:

«Տը Ինտիփենտընթ» կը յայտնէ, որ «Տը Կարտիըն»-ը համաձայնած է կառավարութեան առաջարկին` չհրապարակելու այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք կը գտնուին Սնոուտընի փաստաթուղթերուն մէջ եւ որոնք կրնան վնաս պատճառել ազգային անվտանգութեան», գրուած է յօդուածին մէջ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

«Յունաստանին Ելեւմտական Նոր Օգնութեան Տրամադրումը Անխուսափելի Է» Կ՛ըսէ Հոլանտայի Ելեւմուտքի Նախարարը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.