
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս երէկ Թրիփոլիի զոյգ պայթումներէն ետք «Վանայ Ձայն»-ին կատարած իր յայտարարութեամբ դատապարտեց ահաբեկչական այս արարքները` ընդգծելով, որ բոլորս ենթակայ ենք նոյն ճակատագիրին, եւ կոչ ուղղելով միջլիբանանեան համերաշխութեան:
«Վանայ Ձայն»-ի արաբերէն բաժինի խօսնակ Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանելով` նախարար Նահհաս զգուշացուց նման դէպքերու ժխտական հետեւանքներէն` երկրի ապահովական, քաղաքական թէ տնտեսական մարզերուն վրայ: Ան յիշեցուց, թէ ինչպէ՛ս 1969-ին, 1973-ին, 1975-ին, 1980-ին եւ այլ թուականներու միջլիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւնները իրենց անմիջական ժխտական հետեւանքները ունեցած էին Լիբանանի ապահովական, քաղաքական թէ տնտեսական մարզերուն վրայ:
«Այս պայթումները ունին իրենց քաղաքական պատգամները եւ կը միտին հրահրել ներքին երկպառակութիւնը», նշեց Նահհաս` թելադրելով խաղալ լիբանանեան «խաղ»-ը եւ չենթարկուիլ արտաքին կողմերու «խաղերուն»: Ցաւակցութիւն յայտնելով բոլորին` ան մտահոգութիւն յայտնեց Թրիփոլիի մէջ իր բնակած շէնքի դրացիներուն եւ Թրիփոլիի վարիչներուն ապահովութեան գծով` տրուած ըլլալով, որ հեռաձայնները գրեթէ ընդհատուած են:
Նմանապէս` Երեսփոխան Սամեր Սաատէ
Նմանապէս, Թրիփոլիի շրջանի երեսփոխաններէն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի անդամ Սամեր Սաատէ, դատապարտեց Թրիփոլիի պայթումները` խոր ցաւ յայտնելով ինկած զոհերուն համար եւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: «Վանայ Ձայն»-էն Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանեով` երեսփոխան Սաատէ իր կարգին կոչ ուղղեց միջլիբանանեան ներքին համերաշխութեան եւ զգաստութեան` զոհ չդառնալու համար արտաքին թակարդներու:
Սաատէ եւս մտավախութիւն յայտնեց Թրիփոլիի իր բարեկամներուն եւ քաղաքական վարիչներուն ապահովութեան գծով` նկատի ունենալով, որ պայթումներուն պատճառով հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները գրեթէ անկարելի դարձած էին:


