Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովական Նոր Ճակատ Մը Բանալու Միտումով. Չորս Հրթիռներ Արձակուեցան Հարաւէն` Գրաւեալ Պաղեստինի Ուղղութեամբ

August 23, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրթիռարձակման վայրը

Շրջանային թէ տեղական մակարդակներու վրայ ապահովական վերջին զարգացումներուն ստեղծած լարուած մթնոլորտին մէջ, հարաւային Լիբանանէն չորս «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներու արձակումը գրաւեալ Պաղեստինի ուղղութեամբ իր վրայ կեդրոնացուց ժողովրդային, քաղաքական թէ ապահովական շրջանակներու ուշադրութիւնը:

Հրթիռարձակումը, որ կատարուեցաւ երէկ յետմիջօրէին, հարաւային Լիբանանի Սուր գաւառի Հաուշ շրջանէն, ահազանգի մատնեց իսրայէլեան իշխանութիւնները` դուռ բանալով զանազան հարցադրումներու:

Արդարեւ, հրթիռներու արձակման վայրը` Հաուշ, որ ծանօթ է Հըզպալլայի կեդրոն մը ըլլալու իր հանգամանքով, կը միտի Հըզպալլա – Իսրայէլ վերանորոգ ճակատ մը բանալ Սուրէն: Երկրորդ` այս արարքի ժամանակագրական զուգադիպումը, «թայմինկ»-ը, որ կու գայ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսնի զգուշացումներու վաղորդայնին, երբ ան (նախարար Ղոսն) իր երէկուան յայտարարութեամբ զգուշացուցած էր Հարաւի պաղեստինեան գաղթակայանները արիւնալի բախումներու մէջ մխրճելու ծուղակէն:

Հրթիռարձակումի այս դէպքը որոշ չափով փորձեց սուրիական Ղութայի մէջ պատահած ահաւոր սպանդէն վրիպեցնել տեղական թէ միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը:

Հրթիռարձակումը, որ ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան պատճառած էր երկու զոհ, դատապարտումի լայն ալիք ստեղծեց տեղական թէ շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման բուռն կերպով դատապարտեց հրթիռարձակումը` զայն նկատելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութեանց խախտում եւ լիբանանեան գերիշխանութեան շրջանցում: Ան պատկան մարմիններուն կոչ ուղղեց քողազերծելու յանցագործները եւ համապատասխան դատական ատեան փոխանցելու զանոնք:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, դատապարտելով հրթիռարձակումը, զայն նկատեց հարաւային Լիբանանի ապահովական վիճակը վատթարացնելու միտող փորձ մը եւ Լիբանանը կրկին տագնապներու հաշուեյարդարի փորձադաշտ դարձնելու եւ աջ ու ձախ պատգամներ ուղարկելու միտում: Միքաթի նոյնպէս այս քայլը նկատեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը խախտող արարք` ընդգծելով, որ Լիբանանեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ խիստ հետաքննութիւն բացած է` փորձելով յայտնաբերել յանցագործները:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր իր կարգին դատապարտեց հրթիռարձակումի դէպքը: «Սքայ նիուզ»-ի արաբերէն բաժինին կատարած իր յայտարարութեամբ Մանսուր դիտել տուաւ, որ կասկածելի կողմեր կը փորձեն բռնկեցնել Լիբանանի ապահովական վիճակը:

Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը յայտնեց, որ հետաքննութեան ճիգերը կը շարունակուին հարաւային Լիբանանի ու հիւսիսային Իսրայէլի մէջ, եւ եղածը սերտօրէն կը քննուի ու դէպքերու զարգացումը պիտի շարունակուի միաժամանակ Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ:

Իսկ Իսրայէլի զինուորական մէկ բանբերը դէպքին համար պատասխանատու նկատեց լիբանանեան բանակն ու կառավարութիւնը: Նախապէս, դէպքին անմիջապէս հակազդելով, իսրայէլացի բանբեր մը դէպքին պատասխանատուութիւնը վերագրած էր համաշխարհային «Ժիհատ»-ին:

Մինչ այդ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սպառնացած էր երկաթեայ բռունցքով հարուածելու Իսրայէլը թիրախ դարձնող կողմը:

Աւելի ուշ, լիբանանեան բանակը յայտնաբերեց Սուրի կից Հաուշի եւ Ռաշիտիէ գաղթակայանի միջեւ տեղակայուած հրթիռարձակումի փայտեայ մարտկոցներուն դիրքերը, ուրկէ արձակուած էին առաջին երեք հրթիռները, իսկ չորրորդը կասեցուած էր իսրայէլեան «պողպատեայ գմբէթ»-ին կողմէ:

Նմանապէս, լիբանանեան բանակը, երէկ երեկոյեան Սուրի Մաարաքէ շրջանին մէջ յայտնաբերեց ականահարումի պատրաստ ական մը: Ապահովական պատկան կողմեր փութով գործի լծուեցան չէզոքացնելու ականը:

 

Նախորդը

Հետզհետէ Շեշտուող Ապահովական Զարգացումներուն Լոյսին Տակ. Անդորրութեան Հաստատման Ճիգերը Կը Շարունակուին` Երկպառակութեան Փորձերը Իրենց Ակունքին Մէջ Արմատախիլ Ընելու Խոստումով

Յաջորդը

Անիի Մէջ Քաղաքի «Անտեսանելի Խորհութիւնները» Յայտնաբերելու Համար Պեղումներ Սկսած Են

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.