
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Կոլանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն դէմ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ գործուած սպանդը, որ պատճառեց 23 զոհ եւ վիրաւորեց հարիւրաւոր ուրիշներ:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ իսրայէլեան այս վայրագութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդի պայքարելու ոգին պիտի չմեռցնէ, այլ` տունդարձի եւ իրաւունքներուն տիրանալու պայքարը վառ պիտի պահէ:
Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ եւ զայն մղելու, որ ան ճանչնայ պաղեստինցիներուն իրաւունքները եւ անմիջապէս անցնի այդ մասին տրուած միջազգային որոշումներուն գործադրութեան:
Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ ֆրանսացի ծերակուտական Ատրիան Կութերոնի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնն ու երկկողմանի ծրագիրները յաջողցնելու յարմար քայլերը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երկրագործութեան գործավար նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անկէ իմացաւ բանջարեղէնի ընդմէջէն փոխանցուող Իքոլայ մանրէին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի եւ Ոսկերիչներու եւ գոհարավաճառներու միացեալ սենտիքայի պատուիրակութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, որ «Նահար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներէն, շեշտեց, որ նախագահ Սլէյման պատրաստած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգելու ծրագիր մը` աւելցնելով, որ նախագահ Սլէյման կը միտի գործավար կառավարութիւնը նիստի հրաւիրել` միակ օրակարգ ունենալով Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի երկարաձգումը:


