Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիւ 38 Ընտրատարածքի Ընտրութիւններուն Պարագային. ՀՅԴ-ն Պիտի Քննարկէ Ոչ Իշխանական Թեկնածուին Սատարել – Չսատարելու Հարցը

August 21, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ն թեկնածու չէ առաջադրած թիւ 38 ընտրատարածքին մէջ տեղի ունենալիք արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, բայց պիտի քննարկէ ոչ իշխանական թեկնածուին սատարելու-չսատարելու հարցը եւ հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ:

ՀՅԴ Սիւնիքի մարզային կառոյցի ներկայացուցիչ Արմենակ Ստեփանեան news.am լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ տակաւին չեն քննարկած այդ հարցը, բայց պիտի քննարկեն եւ յայտարարութիւն կատարեն:

Անոնք հակուած են կոչ ուղղելու ընտրազանգուածին չմասնակցելու ընտրութիւններուն, կամ ալ մասնակցութեան պարագային դէմ քուէարկելու իշխանական թեկնածուին:

«Մենք դէմ ենք այդ ընտրութիւններուն, որովհետեւ նոյն անճշդութիւնները պիտի կատարուին: Մենք կոչ պիտի ուղղենք մեր ընտրազանգուածին չմասնակցելու այդ ընտրութիւններուն, ոչ մէկ բան պիտի փոխուի, Ժառանգութեան թեկնածուին ալ ըսած ենք` որ չառաջադրուի, որովհետեւ ան առիթ չունի, տակաւին մեր թեկնածուն կրնար որոշ բան փոխել, պայքար պիտի ըլլար, բայց միեւնոյնն է, անճշդութիւններ, կեղծիքներ պիտի ըլլային, լծակներ պիտի օգտագործեն, բան մը չէ փոխուած մեր երկրին մէջ», ըսաւ Արմենակ Ստեփանեան:

Չի բացառուիր նաեւ, որ Սիւնիքի մէջ Դաշնակցութիւնը սատարէ ոչ իշխանական թեկնածուին, օրինակ` Ժառանգութենէն առաջադրուած Սամուէլ Հայրապետեանին: «Վերջնական թեկնածուները թող մնան, կը տեսնենք` ո՛վ պայքարի մէջ մտած է, այն ժամանակ վերջնական որոշում կու տանք, պէտք է հանդիպին կուսակցութեան հետ, քննարկումներ ընեն, կը տեսնենք անոնց կարելիութիւնները, լուրջ պայքարի ցանկութիւնը, եթէ Ժառանգութեան թեկնածուն ալ կը ցանկայ լուրջ պայքարի մէջ մտնել, նոյնն է` պէտք է Դաշնակցութեան տարածքային կառոյցին հետ հանդիպի, տեսնենք Ժառանգութեան թեկնածուին տրամադրութիւնը, պայքարի մէջ մտնելը», ըսաւ Արմենակ Ստեփանեան:

Ան շեշտեց, որ իրենք ընդհանրապէս դէմ են մեծամասնական ընտրակարգին, որովհետեւ այդպէս ընտրուած պատգամաւորը ոչինչ պիտի փոխէ օրէնսդիր մարմինին մէջ:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը փոխանցեց, որ նախկին մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի ազդեցութիւնը Գորիս եւ Սիսիան քաղաքներու բնակչութեան վրայ էր, ան Կապանի վրայ այդպիսի ազդեցութիւն չունէր:

Ան կը գուշակէ կանխատեսելի ընտրութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք պիտի յաղթէ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն, բայց հարցը ինչպէս յաղթելու մէջ է:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ այժմ աւելի դիւրացած է հանրապետական թեկնածուին ընտրութիւնը` առանց ընտրակաշառք բաժնելու, ան նշեց, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ:

Ան կը կանխատեսէ մասնակցութեան ցած տոկոս, իսկ Կապանի մէջ պիտի ըլլան նաեւ իշխանութեան դէմ շատ քուէարկողներ:

Սահմանուած ժամկէտին ընթացքին անհրաժեշտ փաստաթուղթեր ներկայացուցած են քաղաքացիներ Պաւլիկ Սարգսեան, Տիգրան Սարգսեան, Վահրամ Յովհաննիսեան` ինքնառաջադրման կարգով, ինչպէս նաեւ Արմէն Կարապետեան` առաջադրուած Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ եւ Սամուէլ Հայրապետեան` առաջադրուած Ժառանգութիւն կուսակցութեան կողմէ:

Նախապէս հաստատուած ընտրութիւններուն նախապատրաստման եւ կայացման հիմնական ձեռնարկներու ժամանակացոյցին համաձայն, Ազգային ժողովի մեծամասնական ընտրակարգով պատգամաւորի թեկնածուներուն արձանագրումը թիւ 38 ընտրատարածքային ընտրական յանձնախումբի կողմէ պիտի իրականացուի մինչեւ 25 օգոստոս:

 

 

Նախորդը

Սահմանախախտ Թուրք Հովիւը Զինուորական Համազգեստով Եւ Զինուած Եղած Է

Յաջորդը

Եգիպտոսի Ժամանակաւոր Նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Չէ Կատարած

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.