Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այանեան. «Օտար Աշխատաւորներուն Ներկայութիւնը Մտահոգիչ Է»

August 21, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան նամակներ յղեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթիի, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքի եւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքիի` անոնցմէ խնդրելով լուծել Լիբանանի մէջ օտար աշխատաւորներուն հարցը:

Նամակին մէջ Փ. Այանեան նշեց, որ Լիբանանի մէջ օտար աշխատաւորներուն գոյութիւնը եղած է լիբանանեան ընկերութեան, գործատէրերուն եւ առեւտրականներուն արծարծած նիւթը, որովհետեւ անիկա սկսած է մտահոգիչ դառնալ` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛արգելակէ  քաղաքացիներուն օրապահիկը ապահովելու կարելիութիւնները:

Փ. Այանեան նամակին մէջ նշեց, որ օտար աշխատաւորները լուրջ վտանգ կը սպառնան լիբանանցի աշխատաւորներուն, որոնք արդէն իսկ սկսած են աշխատանք ապահովելու դժուարութիւն ունենալ:

Ան հաստատեց, որ տարբեր մարզերու մէջ լիբանանցիներուն մօտ անգործութեան համեմատութիւնը սկսած է բարձրանալ, իսկ արտագաղթի դիմող լիբանանցիներուն թիւը սկսած է աճ արձանագրել:

«Այս հարցը մտահոգիչ է եւ արագ լուծումներու կը կարօտի, յատկապէս նկատի ունենալով, որ օտար աշխատաւորներուն դէպի Լիբանան հոսքը ամէնօրեայ դրութեամբ կը շարունակուի եւ սկսած է լիբանանցիներուն ուսերը ճնշող բեռի վերածուիլ», ընդգծեց Այանեան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Շարպել-Էօզեըլտըզ Հանդիպում

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.