Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Օգոստոս 1963)

August 17, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այտա Ազնաւուր Իր Եղբօր`
Շարլի Մասին

Աթէնքի «Մեսիմորին» օրաթերթի աշխատակիցներէն Նիքոլաոս Մասթորաքիս Հռոդոս կղզիին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցած է աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի քրոջ` Այտա Ազնաւուրի հետ:

Յոյն լրագրողը նախ կը ներկայացնէ Այտա Ազնաւուրը, որ նոյնպէս սիրուած երգչուհի մըն է:

Մանրակազմ, փոքր մարմին կին մըն է, մեծ աչքերով: Տեսակ մը Շարլ Ազնաւուր` երկար մազերով: Կը խօսի, կը քալէ, կը նայի` յայտնի չէ, թէ կ՛երգէ ալ` Ազնաւուրի պէս: Եւ պատահմամբ` անոր քոյրն է: Կը կոչուի Այտա Ազնաւուրեան եւ օդափոխութիւն կ՛ընէ Հռոդոսի մէջ, իր հռչակաւոր եղբօր շուքին տակ, ընկերակցութեամբ թեթեւ երաժշտութեան ամերիկացի հանրածանօթ երգահանի մը:

Այտա` օրիորդ Այտա, նստած է «Միրամարէ» պանդոկի լողաւազանին մօտ, աչքերը փակ եւ անձեռոց մը դէմքին:

«Ազնաւուրին քոյրը չեմ», կ՛ըսէ առանց աչքերը բանալու:

«Այտա Ազնաւուրն եմ»:

Եւ անձեռոցը կը վերցնէ դէմքին վրայէն:

«Իսկապէ՞ս, կը կարծէք, թէ պէտք է զիս «Ազնաւուրի քոյրը» կոչեն Շարլին հռչակաւոր եւ իմ եղբայրս եղած ըլլալուն համար»:

«Կը հասկնամ, որ գէշ կը զգաք, բայց…»:

«Գէշ չեմ զգար: Պարզապէս հարց կու տամ, բայց ոչ ոք կրնայ պատասխանել ինծի»:

Այնպէս կը թուէր, թէ այստեղ կը վերջանար տեսակցութիւնը, եթէ երբեք տեսակցութիւն կրնար ըլլալ հարցում մը եւ ժխտական պատասխան մը: Սակայն անձնաւորութիւնները պահպանող բարի Աստուածը կ՛երեւի, թէ այն պահուն ուրիշ կողմ դարձուց իր պաշտպանող հայեացքը, որովհետեւ Այտա անցնող գեղեցիկ ու թուխ ֆրանսուհիի մը նայեցաւ ու նայուածքը հեգնանքով լեցուեցաւ:

«Մեղք, որ Շարլը հոս չէ»:

Ասիկա սկիզբն էր մենախօսութեան մը, զոր չուզեցի հարցումներով ընդհատել:

«Այո՛, Շարլ կնամոլ է: Սակայն երբեք չէ հասկցած, թէ ինչո՞ւ: Թերեւս անոր համար, որ պզտիկ եղած ատեն ոչ մէկ կին ուշադրութիւն կը դարձնէր իրեն եւ ստիպուած էր վազել ամէն մէկ գեղեցիկ կնոջ ետեւէ, եւ անոնցմէ ոչ մէկը կը դառնար իրեն նայելու:

«Հիմա շատ կիներ ունի, բայց կը վախնամ, որ անոնց ոչ մէկը լրջօրէն նկատի կ՛առնէ: Մէկ վայրկեան իսկ մտքէն չէ անցած, թէ կրնայ ամուսնանալ:

«Տարօրինակը այն է, որ կը սիրահարի: Հատ, հատ, բայց` կարճ ատենուան համար: Այնքան ատեն որ պէտք է գրելու համար երգ մը, որ ապահով է, թէ յաջողութիւն մը պիտի ըլլայ:

«Միւս այր մարդոց հակապատկերը ըլլալով` եղբայրս չի մոռնար իր կեանքին մէջէն անցած կիները եւ գէշ չի խօսիր անոնց մասին: Բոլորն ալ կը յիշէ, ազնուօրէն կը վարուի անոնց հետ, որքան տարիներ ալ որ անցնին եւ բնաւ չի հաւատար «կրկին տաքցուած կերակուր» ըսուածին…

Իր ուրիշ մէկ պաշտամունքը իր գործն է: Երգեր կը գրէ միմիայն զանոնք լսելու համար: Ապացոյցը այն է, որ ունի դարակ մը անտիպ երգեր, ամէն մէկը` սիրային արկածախնդրութիւն մը. ատոնք եթէ հրատարակէր պիտի կրնար հազարաւոր տոլար շահիլ:

«Դրամը կը սիրէ՞»: Անշուշտ կը սիրէ: Այսօր ով որ կը պնդէ, թէ չի սիրեր, առնուազն կեղծաւոր է:

«Ահագին հարստութիւն դիզած է», բայց լաւ տղայ է: Երբեք չի մոռնար ո՛չ ազգականները եւ ո՛չ ալ բարեկամները:

«Զիս կը սիրէ՞: Կը կարծեմ, թէ ինծի հանդէպ այնպիսի պաշտամունք մը, այնպիսի գուրգուրանք մը եւ նուիրում մը ունի, որ հազուադէպօրէն եղբայր մը ցոյց կու տայ իր քրոջը հանդէպ:

«Տարօրինակ բան մըն է, բայց, երբ նեղուած կը տեսնեմ եւ ընկերներու հետ պտոյտի ելլելու կը պատրաստուիմ, որոշում տալու համար երբեք չեմ մտածեր: Քովը կը մնամ:

«Ըսի, թէ առաւելութիւններ ունի, սակայն թերութիւններ ալ ունի: Շուտ եւ շատ կը ջղայնանայ, բայց բարեբախտաբար չ՛ատեր: Փորթոռիքոցիի պէս կը կռուի, բայց շուտով կը մոռնայ:

«Ձախողութիւն չի հանդուրժեր: Երբ գործին մէջ հիասթափութիւն մը ունենայ, կը սիրէ հայհոյել ու ձայնապնակներ ու ծաղկամաններ կոտրել:

«Քիչ մը սուտ կը խօսի, բայց` միայն այն ատեն, երբ դիմացինը հանդարտեցնել պէտք է: Ու կը սիրէ ծայրայեղ հանգստաւէտութիւնները:

«Կը սիրէ խաղալ, բայց նաեւ` խմել: Շատ անգամ մինչեւ վերջին տասնոցը կը ծախսէ ռուլեթի մէջ: Բայց ոչ թէ շահելու համար, այլ` բախտը փորձելու: Բախտախաղի մէջ երբեք չէ շահած:

«Կը սիրէ լողալը, շարժանկարը եւ անուշեղէնները: Ունի կարգ մը բարդոյթներ, թէ` շատ տկար է: Ու թերեւս ասոր համար է, որ ժամերով  կիսամերկ կը պտտի»:

Օրիորդ Այտա անձեռոցը կը վերցնէ դէմքին վրայէն ու նայուածքը կը շողայ:

«Չըսիք, կ՛ըսէ ակռաները սեղմած, թէ…»:

«Ա՛յն եմ, ինչ որ կը կասկածիք, թէ եմ»:

Կը ջղայնանայ եւ աւազանին մէջ կը նետուի: Հռչակաւոր մարդիկը պաշտպանող բարի Աստուած, դուն ալ ժամանակը կը գտնես տեղդ դառնալու:

Թարգմ. Ա. Օ.

 

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.