Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու բանբեր Ժիհատ Հատտատ յայտարարեց, որ իրենք պատրաստ են երկրին քաղաքական տագնապին լուծման համար Ազհարի միջնորդութեամբ բանակցութեան մասնակցելու, «պայմանաւ որ ատիկա ճիշդ հիմի վրայ ըլլայ»:
Ան վստահեցուց, որ բանակցութիւնները պէտք է ըլլան «սահմանադրական օրինականութիւնը վերականգնելու հիմամբ, ինչպէս նաեւ Ազհարը տակաւին իր նախաձեռնութիւնը Իսլամ եղբայրներուն չներկայացուց»:
Մինչ այդ, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ Իսլամ եղբայրներու համակիրներուն եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, երբ պաշտօնէն հեռացուած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրները փորձեցին Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութեան շէնք ներխուժել: Երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Գահիրէի Ապիտիյա թաղամասին մէջ:
Իսլամ եղբայրները նաեւ փորձեցին Եգիպտոսի ելեկտրականութեան եւ հողագործութեան նախարարութիւնները ներխուժել, սակայն ապահովական մարմինները արգելք հանդիսացան անոնց:
Աւելի ուշ Մուրսիի համակիրները Ռապիա Ատաուիյա հրապարակէն նախագահական Իթթիհատիա պալատ քայլարշաւ մը կատարեցին` բողոքելու համար նոր նահանգապետերու նշանակման դէմ: Մուրսիի համակիրները Հանի Սուիֆ նահանգին մէջ պաշարեցին նահանգապետարանի շէնքը եւ խոստացան նոր նշանակուած նահանգապետին շէնք մուտք գործելը արգիլել, սակայն ապահովական ուժերը ցրուեցին անոնց նստացոյցը:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուր երէկ շեշտեց, որ «պետութեան վարկաբեկումը կամ անկէ դուրս գալը պիտի չարտօնենք»:


