Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼ ՍՈՒՐԻԱՆ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ. ԿՈԼԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄ ՄԸ 11 ԶՈՀ ԵՒ 220 ՎԻՐԱՒՈՐ ՊԱՏՃԱՌԵՑ

June 6, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11 զոհ եւ 220 վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն մէջ իսրայէլեան ուժեր կրակ բացին ցուցարարներու վրայ, որոնք կը փորձէին փշաթելերը անցնելով սահմանին սուրիական կողմէն բռնագրաւեալ տարածք մուտք գործել:

Ծագումով Կոլանի բարձունքներէն  եղող սուրիացիներ եւ պաղեստինցիներ 1967-ին Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Մաժտալ Շամս գիւղին դիմաց գտնուող Այն Թինէ գիւղը հաւաքուեցան եւ Կոլանի տարբեր վայրերու մէջ հակաիսրայէլեան կարգախօսեր բացագանչեցին, իսրայէլեան սահմանապահ ուժերուն վրայ քարեր արձակեցին եւ փշաթելերէ ցանկապատին վրայ մագլցեցան: Ցուցարարներու շարքին էին Լաթաքիայէն եւ Ժապլայէն եկած ցուցարարներ:

Երբ ցուցարարները ցանկապատին մօտեցան, իսրայէլեան ուժերը կրակ բացին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ զոհեր ու վիրաւորներ արձանագրուին: Ցուցարարներէն մէկը յայտարարեց, որ իրենց նպատակը «բռնագրաւուած հողամասին վրայ սուրիական դրօշը զետեղելն է»:

Մինչ այդ, իսրայէլեան զինուորական մեքենայ մը ականի մը բախելով խորտակուեցաւ: «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ականի պայթումին պատճառով իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուեցան, իսկ ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին, երկու զինուորներ սպաննուեցան:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Եուաֆ Մորտախայ յայտնեց, որ «իսրայէլեան բանակը յաջողեցաւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ դէպքերը հակակշիռի տակ առնել»: Ան աւելցուց, որ «կարելի չէ հաստատել, որ զոհեր արձանագրուած են»: Ըստ անոր, 150 ցուցարարներ փորձած են ցանկապատը անցնիլ, իսրայէլացի զինուորները օդը կրակելով զգուշացուցած են զանոնք, ապա` երբ կանգ չեն առած, «զինուորները ցուցարարներու մարմիններուն վարի մասին ուղղութեամբ կրակ բացին»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Իսրայէլ արձանագրուած բռնարարքին ամբողջական պատասխանատուն սուրիական վարչակարգը կը նկատէ: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ սուրիական վարչակարգը կը փորձէ ուշադրութիւնը շեղել սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործած իր ջարդերէն եւ ոճիրներէն` աւելցնելով. «Իսրայէլ, աշխարհի մէջ որեւէ այլ պետութեան մը նման, իր սահմանները եւ գերիշխանութիւնը կը պաշտպանէ ընդդէմ իր հողամասերը ներխուժելու որեւէ փորձի»:

 

Նախորդը

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

Յաջորդը

«ՏԱՅ ԱՍՏՈՒԱԾ` ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.