Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամ Եղբայրներու Նստացոյցերու Ցրուումը Այսօր Առաւօտո՞ին Պիտի Սկսի. Պեպլաուի «Ահաբեկչութեան» Դէմ Պայքարին Մէջ Կառավարութեան Ամբողջական Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Բանակին

August 12, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հազեմ Պեպլաուի

Եգիպտոսի ժամանակաւոր վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի յայտնեց, որ եգիպտական կառավարութիւնը ամբողջական կերպով կը զօրակցի բանակին` վերջինիս «ահաբեկչութեան» դէմ մղած պայքարին մէջ:

Վարչապետի մամլոյ խորհրդական Շարիֆ Շաուքի ողջունեց «ահաբեկչութեան դէմ  պատերազմին մէջ Սինայի զաւակներուն բանակին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութիւնը»:

Կառավարական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պեպլաուի ներքին գործոց նախարար զօր. Մոհամետ Իպրահիմի հետ մնայուն կապի մէջ է` ծանօթանալու համար Գահիրէի Ռապիա Ատաուիա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ Մուրսիի համակիրներուն նստացոյցերը ցրուելու ջանքերուն:

Ըստ եգիպտական աղբիւրներու, աղբիւրները նշած են, որ Պեպլաուի պահանջած է նստացոյցերէն հեռանալ ուզող եւ «ձեռքերնին բռնարարքներով չաղարտած» անձերուն պաշտպանութիւն եւ փոխադրամիջոցներ տրամադրել:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ապահովական աղբիւրներ յայտնած են, թէ կը նախատեսուի, որ Գահիրէի Ռապիա Ատաուիա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ Իսլամ եղբայրներուն կազմակերպած նստացոյցերուն ցրուումը այսօր առտու  սկսի:

«Մասրի Եոմ» օրաթերթի կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ  իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ բախումներէ ետք, ապահովական մարմինները Տիապիա գիւղը շրջափակած են: Բախումներուն պատճառով քրիստոնեայ ընտանիքներու պատկանող չորս տուներ հրկիզուած են, երկու կողմերէն 10 վիրաւոր արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ գիւղի եկեղեցին վնասուած է:

Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ օր հաղորդեց, որ եգիպտական իշխանութիւնները Գահիրէի օդակայանին մէջ ձերբակալած են Թուրքիայէն Եգիպտոս հասած երկու չեչեններ` մեկնելով այն կասկածներէն, թէ անոնք Քայիտայի անդամներ են:

Նախորդը

Սուրիացի Քիւրտերու Պաշտպանութեան Համար. Իրաքի Քիւրտերը Չեն Բացառեր, Որ Կրնան Սուրիական Տագնապին Միջամտել

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա «Ժընեւ-2»-ը Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Կազմակերպելու Շուրջ Համաձայն Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.