Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան Մեծապէս Կարեւոր Կը Նկատէ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Ջանքերը» Կ՛ըսէ Կարէն Նազարեան

August 8, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցաւ «ՄԱԿևի եւ շրջանային/ենթաշրջանային կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման գործին մէջ» խորագիրով քննարկումը:

Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Քիրշների նախագահութեամբ տեղի ունեցած այս քննարկման ընթացքին խօսք առին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, շարք մը անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներ եւ դեսպաններ, ինչպէս նաեւ շրջանային կազմակերպութիւններ (Ափրիկեան Միութիւն, Եւրոպական Միութիւն, Արաբական լիկա, Հարաւամերիկեան պետութիւններու միութիւն, Լատինական Ամերիկայի եւ Քարիպեան կղզիներու պետութիւններու ընկերակցութիւն) ներկայացուցիչներ:

Իր խօսքին մէջ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան յայտնեց, որ Հայաստան, իբրեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ, կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան միջեւ ընդլայնուող երկխօսութիւնը եւ սերտ գործընկերութիւնը` ուղղուած շրջանային մարտահրաւէրներու դիմակայման նպատակով փոխադարձ կապերու ամրապնդման, մասնաւորաբար` անդրսահմանային ոճիրներու դէմ պայքարին մէջ:

Դեսպան Նազարեան ընդգծեց, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Ան նաեւ նշեց, որ միջազգայնօրէն համաձայնեցուած այս ձեւաչափով շարունակուող բանակցութիւնները տագնապի կողմերուն միջեւ 1994 թուականին ստորագրուած զինադադարի պահպանման գլխաւոր նախադրեալներն են:

Տեղեկացնելով, որ Հայաստան ընթացիկ տարուան մայիսէն ստանձնած է ՄԱԿ-ի առանցքային գործընկեր հանդիսացող Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը, Կարէն Նազարեան նշեց, որ Հայաստան շրջանային միջկառավարական այս կազմակերպութեան մէջ իր նախագահութեան իբրեւ առաջնահերթութիւններ սահմանած է ցեղապաշտութեան, խտրականութեան, այլամերժութեան, անհանդուրժողականութեան, ահաբեկչութեան եւ մարդոց վաճառքի դէմ պայքարը, միջմշակութային երկխօսութեան խթանումը, օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը` հարցեր, որոնք առաջնահերթութիւն կը նկատուին նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններուն համար:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց խրախուսելու եւ սատարելու այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են գործընկերներու միջեւ կապերու ընդլայնման, շրջանային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան նոր եզրեր գտնելուն` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան:

 

 

Նախորդը

«Բարեւ Երեւան» Խմբակցութիւնը Կը Վիճարկէ Երեւանի Քաղաքապետին Որոշումները

Յաջորդը

Սուրիահայերուն Ու Լիբանանահայերուն Հայաստանի Անձնագիր Ստանալու Հարցը Երկարաձգուած Է Մէկ Տարի Եւս

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.