Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Քրտական Ազգային Խորհրդաժողովին Ներկայ Պիտի Գտնուի՞

August 8, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ յայտնեց, որ տակաւին չէ որոշուած, որ Թուրքիա օգոստոսի վերջաւորութեան Էրպիլի մէջ նախատեսուած եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրտական մեծագոյն քաղաքական խմբաւորումներուն մասնակցութեամբ քրտական ազգային խորհրդաժողովին ներկայ պիտի գտնուի՞, թէ՞ ոչ:

Կիւմրիւքճիւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, որ այդ խորհրդաժողովին հարցը քննարկուած է 30 յուլիսին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի Անգարա տուած այցելութեան ընթացքին, եւ Անգարա այդ խորհրդաժողովէն իր սպասումները անոր փոխանցած է:

Ան ըսաւ, որ Պարզանի Թուրքիոյ վստահեցուցած է, որ Էրպիլի խորհրդաժողովին ընթացքին Անգարային մտահոգութիւն պատճառող որեւէ որոշում պիտի չտրուի:

Վերջերս հրապարակուած կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն, կը նախատեսուի, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութենէն` ՄԻԹ-էն կարգ մը պաշտօնատարներ եւ Էրպիլի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսը ներկայ գտնուին խորհրդաժողովին, որպէսզի հետագային սեղանի վրայ գտնուող հարցերուն մասին զեկուցեն Անգարայի:

Պատասխանելով Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի յառաջիկայ օրերուն Թուրքիա այցելութեան կարելիութիւններուն մասին հարցումի մը` Կիւմրիւքճիւ ըսաւ, որ  վերջերս Մուսլիմի Թուրքիա կատարած այցելութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինը չէր` աւելցնելով, որ երկու կողմերը համաձայնած են քննարկումները շարունակելու:

«Ճշգրիտ թուական մը չկայ, սակայն կրնամ դիւրութեամբ ըսել, որ հաւանական է, որ բանակցութիւնները շարունակուին», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ան յայտնեց, որ Թուրքիա կը փափաքի, որ Սուրիոյ քիւրտերը մաս կազմեն սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինին:

Կիւմրիւքճիւ նաեւ յայտնեց, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի թերեւս Թուրքիա այցելէ` հանդիպում ունենալու համար իր թուրք պաշտօնակից Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: «Յստակ թուականներ գոյութիւն չունին, սակայն կրնամ ըսել, որ երկու կողմերը ատոր համամիտ են», նշեց ան` աւելցնելով, որ Տաւութօղլուի Իրան այցելութիւնը արդիւնաւէտ էր եւ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետին յառաջիկայ օրերուն այլ երկիրներ այցելութիւն մը չի նախատեսուիր:

Միւս կողմէ, ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ իրաքցի պաշտօնատարի մը հետքը կորսուած է:

Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Իրաքի զբօսաշրջութեան նախարար Պահաա Մայահիի խորհրդականը որոշ ատենէ մը ի վեր Թուրքիոյ մէջ անյայտացած է:

«Տեղեկութիւնը ունինք, սակայն տակաւին կանուխ է յայտնելու, թէ ան առեւանգուած է: Մեզի ըսուեցաւ, որ (պաշտօնատարը) 12 օրէ ի վեր անյայտացած է: Յաւելեալ տեղեկութիւն չունինք», ըսաւ ան:

Նախորդը

Թուրքիա Կը Հերքէ, Թէ Եգիպտոս Կը Մերժէ Էրտողանին Կազա Այցելելու Արտօնութիւն Տալ

Յաջորդը

Եգիպտոսի Նախագահութիւնը Տագնապի Լուծման Միջազգային Ջանքերուն Ձախողութիւնը Կը Յայտարարէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.