Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւին Սատարող Քոնկրեսականներուն Թիւը Աւելցած Է

August 7, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Համբարեան

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկացումներու յանձնախումբերու յառաջատար քոնկրեսականները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման: Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, որ «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» բանաձեւին սատարող պաշտօնեաներուն միացած են արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիոթ Էնկել, յատկացումներու յանձնախումբի անդամ Նիթա Լուի, պիւտճէի հարցերով ենթայանձնախումբի անդամ Քրիս Վան Հոուլի եւ ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի անդամ Հենրի Վաքսման:

Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող արձանագրութիւն կազմելու: Կը նշուի, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման առանցքը պէտք է կազմեն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր հետեւանքներուն հատուցումը, միջազգային մակարդակով ոճիրին արդարացի եւ համապարփակ լուծում տալը: «Մենք կ՛ողջունենք «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» բանաձեւի մուտքը Ներկայացուցիչներու տուն: Ատիկա Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նուիրուած նորարարական նախաձեռնութիւն է, որ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներուն նոր մօտեցում ցուցաբերելու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նկատմամբ», նշեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

 Ձախէն աջ՝ Քրիս Վան Հոուլեն,                Էլիոթ Էնկել,                             Հենրի Վաքսման,                          Նիթա Լոուի                   

«Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին» բանաձեւին սատարող քոնկրեսականներու շարքին են Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Էլիոթ Էնկել, Սքոթ Կարեթ, Ռաշ Հոլթ, Սթիվ Իզրայէլ, Նիթա Լոուի, Կրէյս Նափոլիթանա, Տեւին Նիունես, Էլիոսն Շուարց, Պրետ Շերմըն, Քրիս Վան Հոուլեն, Հենրի Վաքսման, Ճոն Թիեռնի, Ճենիս Չայքովսքի:

Այս բանաձեւը մայիս 2013-ին Ներկայացուցիչներու տուն ներկայացուցած են քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատօ (հանրապետական` ընտրուած Քալիֆորնիայէն), Էտըմ Շիֆ (դեմոկրատական` ընտրուած Քալիֆորնիայէն), Մայքլ Կրիմ (հանրապետական` ընտրուած Նիւ Եորքէն) եւ Ֆրանք Փալոն (դեմոկրատական ընտրուած Նիւ Ճըրզիէն):

 

 

 

Նախորդը

«Գաղտնագիրերը Թուրքիոյ Դէմ Խաղաքարտեր Են, Զորս Չենք Օգտագործեր» Կը Նշէ Թրքագէտ Լիլիթ Գասպարեան

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Մինսքի Խմբակի Նոր Համանախագահ Նշանակած Են

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.