Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գաղտնագիրերը Թուրքիոյ Դէմ Խաղաքարտեր Են, Զորս Չենք Օգտագործեր» Կը Նշէ Թրքագէտ Լիլիթ Գասպարեան

August 7, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արտակ Շաքարեան, Արա Պապեան եւ Լիլիթ Գասպարեան

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթը 1 օգոստոսին զգայացունց յօդուած հրապարակած էր Թուրքիոյ մէջ հայերու անձնագիրերու մէջ գաղտնի ծածկագիրեր նշագրելու վերաբերեալ:

Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան Պոլսոյ բաժանմունքի տնօրէնի օգնականներէն մէկուն ստորագրութեամբ պաշտօնական գրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 1923-էն ետք Լոզանի համաձայնագիրով իբրեւ փոքրամասնութիւն ճանչցուած ազգութեան քաղաքացիներու անձնագիրերու մէջ պէտք է նշուած ըլլայ գաղտնի ծածկագիր մը. յոյներուն համար սահմանուած է «1», հայերուն համար` «2» եւ հրեաներուն համար` «3» ծածկագիրը: Այս գաղտնագիրերուն օգնութեամբ Թուրքիա տարիներ շարունակ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ խտրական վերաբերմունք դրսեւորած է:

Երէկ «Մետիա կեդրոն» ակումբին մէջ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար, քաղաքագէտ Արա Պապեան յայտարարեց, որ «Ակօս»-ի բացայայտումը նորութիւն չէր, պարզապէս այդ մասին նոր կը խօսուի:

«Այս գաղտնագիրերու իրողութիւնը ցաւալի փաստ է Եւրոպական Միութեան դռները անվերջ թակող Թուրքիոյ եւ վտանգաւոր` մեզի համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ մենք չենք գիտեր, թէ քաղաքական ինչպիսի՛ զարգացման պարագային այդ գաղտնագիրերը կ՛օգտագործուին:

Թրքագէտ Արտակ Շաքարեան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ այսպիսի դրսեւորումները նորութիւն չեն: «Այդ յատուկ նշագրումներով փորձած են տարբերակել հայերը, նոյնիսկ եղած են ընտանիքներ, որոնք չեն իմացած իրենց հայկական արմատներուն մասին, բայց, ինչպէս Հրանդ Տինք կ՛ըսէր, դուն հաւանաբար մոռցած կ՛ըլլաս քու արմատներդ, բայց պետութիւնը չի մոռնար», յայտնեց Շաքարեան:

Թրքագէտ Լիլիթ Գասպարեան համոզում յայտնեց, որ այս փաստը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ ժողովրդավարացումը Թուրքիոյ մէջ ձեւական բնոյթ ունի: Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ միշտ ալ խտրականութիւն դրսեւորուած է փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, պարզապէս զարմանալի է, որ Հայաստանի մէջ տակաւին կը զարմանան եւ այսպիսի ձեւով կ՛արձագանգեն բացայայտուած իրողութեան: Ան ցաւով նշեց, որ գաղտնագիրերու փաստը, որ հզօր խաղաքարտ է Թուրքիոյ դէմ, հայերը չեն կրնար պէտք եղածին պէս օգտագործել:

Թրքագէտը նաեւ յայտնեց, որ «Ակօս»-ի մէջ 1 օգոստոսին հրապարակուած յօդուածը միայն յաջորդ օրը տարածուեցաւ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Մինչդեռ նախորդ օրը ատիկա արդէն դարձած էր թրքական մամլոյ քննարկման առարկայ: Օրինակ բերելով վերջերս հայ-թրքական սահմանին վրայ թուրք հովիւի սպանութիւնը` Գասպարեան արձանագրեց, որ թուրքերը կրցան քանի մը վայրկեանի ընթացքին այդ տեղեկութիւնը իրենց յարմար ձեւով տարածել միջազգային լրատուամիջոցներով: «Զգայացունց բացայայտումէն անցած են 5 օրեր, բայց մենք չենք կրնար մեր խաղաքարտը օգտագործել», ըսաւ ան:

Նախորդը

Երեւանի Քաղաքապետը Պիտի Չկատարէ Ցուցարարներուն Պահանջը

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւին Սատարող Քոնկրեսականներուն Թիւը Աւելցած Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.