Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաշաթաղի Մէջ Սուրիահայերու Վերաբնակեցման Համար Նոր Բնակարաններ Կը Կառուցուին

August 7, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ սուրիահայերու համար նոր բնակարաններ ու առանձնատուներ կը կառուցուին: «Արմենփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան պետ Ռոպերթ Մաթեւոսեանը, որ դիտել տուած է, թէ բնակարանները կը կառուցուին Իշխանաձորի, Կովսականի եւ Բերձորի շրջաններուն մէջ: «Կովսականի մէջ արդէն կայ 12 բնակարան ունեցող մէկ շէնք եւ 4 առանձնատուն, ուր արդէն կ՛ապրին սուրիահայեր: Մէկ առանձնատուն ունինք Իշխանաձորի մէջ եւ 3 բնակարան` Բերձորի մէջ: Այս պահուն Կովսականի ու Իշխանաձորի մէջ կը շարունակուին մէկական բազմաբնակարան շէնքերու, իսկ Բերձորի մէջ` 2 առանձնատուներու կառուցումը», յայտնած է Մաթեւոսեանը` տեղեկացնելով, որ բնակարաններն ու առանձնատուները կառուցուած են տարբեր կազմակերպութիւններու` «Թուֆենկեան» հիմնարկի, «Օգնիր եղբօրդ» ծրագիրի եւ այլ ծրագիրներու աջակցութեամբ:

Արդէն 80 տոկոսով պատրաստ է Կովսականի մէջ կառուցուող բազմաբնակարան շէնքը, ուր ներկայ դրութեամբ կը կատարուին ներքին յարդարման աշխատանքներ: Իշխանաձորի շէնքը պատրաստ է 50-60 տոկոսով, իսկ Բերձորի բնակելի շէնքը դեռ նոր սկսած է կառուցուիլ: Քաշաթաղի վերաբնակեցման վարչութեան պետը հաստատած է, որ բոլոր շէնքերն ալ այս տարի անպայման կը բնակեցուին:

«Բնակարաններուն ապագայ բնակիչները արդէն տեղաւորուած են այդ վայրերուն մէջ. անոնք առայժմ կ՛ապրին պանդոկի մէջ, որ կը գտնուի վարչակազմի տրամադրութեան տակ: Մէկ մասն ալ հարազատներուն հետ կ՛ապրի: Օրինակ` ընտանիք մը, որն արդէն ունի բնակարան, կ՛ապրի եղբօր ընտանիքի հետ, որ կը սպասէ իր բնակարանի պատրաստ ըլլալուն», բացատրած է Մաթեւոսեանը:

Իշխանաձորի մէջ հաստատուած սուրիահայ բնակիչները արդէն սկսած են զբաղելու գիւղատնտեսութեամբ: Անոնք տեղափոխուած են Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն, ուր եւս հողագործութեամբ կը զբաղէին: Կովսականի մէջ կայ բժիշկներու ընտանիք մը, որուն անդամները կ՛աշխատին տեղւոյն հիւանդանոցին մէջ: Իսկ Բերձորի մէջ բնակողներուն հիմնական մասը արհեստաւորներ են, որոնք համապատասխան աշխատանք կրցած են գտնել: «Բոլոր անոնք, որոնք աշխատելու ցանկութիւն ունին, անպայման կ՛աշխատին, մենք անոնց կ՛օժանդակենք: Պետական կառոյցին մէջ աշխատիլ ցանկացողները նոյնպէս կ՛ունենան այդ հնարաւորութիւնը: Ճիշդ է, աշխատավարձը շատ աւելի ցած է, քան Սուրիոյ մէջ ստացած են, սակայն անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը շատ լաւ է: Անոնք բաւական ազգասէր մարդիկ են, պահպանած են ազգային աւանդութիւնները: Մենք ալ իրենցմէ բան ունինք սորվելիք` աշխատասիրութիւնն ու աւանդապահութիւնը», նշած է Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան պետը` կատակելով, որ Քաշաթաղի մէջ ապրելու սուրիահայերուն փափաքը շատ մեծ է, քանի որ անիկա հայոց աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր տարածքն է:

Ռոպերթ Մաթեւոսեանը նաեւ յայտնած է, որ Քաշաթաղի մէջ կ՛ապրին 38 սուրիահայ ընտանիքներ, որոնք արդէն փափաք յայտնած են ապրելու նորակառոյց բնակարաններուն մէջ: Կան նաեւ 10 այլ ընտանիքներ, որոնք տեղեկացուցած են, որ պիտի գան: «Մենք վստահ ենք, որ ցանկացողներ շատ պիտի ըլլան: Երբ իմանան, որ բնակութեան ու աշխատանքի հարցը լուծուած է, սուրիահայերը անպայման պիտի գան: Այստեղ երեխաները նոյնպէս իրենք զիրենք լաւ կը զգան: Լուծուած է նաեւ անոնց կրթութեան հարցը: Ուսուցիչներ առանձնացուցած ենք, որոնք դասերէն դուրս կը զբաղին երեխաներուն հետ», հաստատած է ան: Մաթեւոսեանի համաձայն, նոյնիսկ կայ ընտանիք մը, որուն աւագ որդին կամաւորաբար կը ծառայէ Լեռնային Ղարաբաղի բանակին մէջ:

Նշենք, որ բնակութիւն հաստատելու նպատակով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն թիւը վերջին քանի մը ամիսներուն զգալիօրէն բարձրացած է: Վերջին շրջանին ցամաքի ճամբով Հայաստան եկած է ամիսը շուրջ 350-400 սուրիահայ: Այժմ Հայաստանի մէջ կ՛ապրի 9.5-10 հազար սուրիահայ, որոնցմէ հազարը արդէն աշխատանք ունի:

 

Նախորդը

Վերջին Ժամ. Ռումբի Պայթում` Նաամէի Մէջ

Յաջորդը

Երեւանի Քաղաքապետը Պիտի Չկատարէ Ցուցարարներուն Պահանջը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.