Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Հայերու Եւ Այլ Փոքրամասնութեանց Ինքնութեան Վկայականներուն Մէջ Ծածկագիր Կը Դրուի

August 3, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ կրթութեան տնօրէնութեան մէկ գրութիւնը բացայայտած է ազգութեամբ հայ քաղաքացիներու ինքնութեան (ծննդեան) վկայականներուն մէջ գաղտնի` «2» ծածկագիր դրուելու փաստը:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը յայտնէ «Ակօս» շաբաթաթերթը` նշելով, որ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան Պոլսոյ քաղաքի բաժանմունքի տնօրէնի օգնականներէն մէկուն ստորագրութեամբ պաշտօնական գրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 1923-էն ետք Լոզանի համաձայնագիրով փոքրամասնութիւն ճանչցուած ազգութեան քաղաքացիներու ինքնութեան վկայականներուն մէջ պէտք է նշուած ըլլայ ծածկագիր մը, որ յոյներուն համար սահմանուած է «1», հայերուն համար` «2», իսկ հրեաներուն համար` «3»:

Ատիկա ի յայտ եկած է այն բանէն ետք, երբ ծագումով հայ կին մը, որ վերջերս վերադարձած է իր արմատներուն` ընդունելով քրիստոնէութիւն եւ մկրտուելով հայ եկեղեցւոյ մէջ, որոշած է իր որդին ուղարկել հայկական դպրոց: Կինը իր ինքնութեան վկայականին մէջ սահմանուած կարգով փոխած է կրօնի մասին գրառումը: Սակայն երեխայի հօր վկայականին մէջ կրօնը նշուած է «մահմետական»: Հայկական դպրոցի տնօրէնութիւնը երեխան դպրոց ընդունելու համար անկէ պահանջած է Պոլսոյ կրթութեան տնօրէնութենէն բերել գրութիւն մը, ուր պէտք է պաշտօնապէս նշուած ըլլայ, որ այդ երեխան հայկական դպրոց ընդունելու առնչութեամբ որեւէ խոչընդոտ չկայ:

Ընտանիքի փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հալաւուրթի` երեխան դպրոց ընդունելու թոյլատրութիւն ստանալու մասին գրութեան հիման վրայ Պոլսոյ կրթութեան տնօրէնի օգնական Ահմետ Մոլաք դիմած է Շիշլի թաղամասի կրթութեան բաժանմունք, որպէսզի վերջիններս յստակացնեն, թէ արդեօք երեխայի խնամակալը դատարանի վճիռով փոխած է իր կրօնը, անունը, դաւանանքը, թէ՞ ոչ, եւ այլն, թէ 1923-էն ետք գործող կանոնակարգին համաձայն, խնամակալի ինքնութեան վկայականին մէջ, Լոզանի համաձայնագիրով, ազգութեամբ հայ քաղաքացիներու համար նախատեսուած «2» ծածկագիրը գոյութիւն ունի՞, թէ՞ ոչ, եւ եթէ գոյութիւն ունի, բացատրել ծնողքին, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ երեխային մայրենի լեզուով դպրոց ընդունելու համար:

«Ակօս» կը գրէ, որ երեխան հայկական դպրոց ընդունելու հետ կապուած` փաստաբանի եւ ծնողներու պայքարը տակաւին կը շարունակուի, որովհետեւ անոնց պահանջին պատասխան տուող պաշտօնական ատեան Թուրքիոյ մէջ չկայ: «Այդպէս ալ յայտնի չէ, թէ 1923-էն սկսած` ներքին գործոց նախարարութիւնն ու անոր կից բնակչութեան եւ քաղաքացիութեան գործերով գլխաւոր տնօրէնութիւնը ի՛նչ նպատակով գաղտնի կերպով կը կիրարկեն «ազգութեան գաղտնագիրը», եւ ատիկա ի՛նչ բանի համար անհրաժեշտ է», հարց կու տայ շաբաթաթերթը` հարցումը ուղղելով Թուրքիոյ խորհրդարանին, կառավարութեան, ներքին գործոց եւ կրթութեան նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ բնակչութեան եւ քաղաքացիութեան գործերով գլխաւոր տնօրէնութեան:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հայաստան Կը Հերքէ Ազրպէյճանական Ապատեղեկատուութիւնը` Զինադադարի Խախտումին Մասին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.