Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 4 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

June 4, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՃԻԳԵՐ

Կարելի չէ առանց արդար հպարտութեան հանդիսատես ըլլալ շինարարական այն ճիգին, որ հայաստանեայց եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ անոր ենթակայ թեմերը ցոյց կու տան զանազան գաղութներու մէջ:

Չենք խօսիր ամերիկահայ թեմին` եկեղեցաշինական մարզին մէջ իրագործած նուաճումներուն մասին, որոնց կ՛արժէ առանձին անդրադառնալ իբրեւ արտայայտութիւնը սքանչելի գաղութի մը հայապահպանման ճիգերուն:

Մեր խօսքը մասնաւորելով միայն Լիբանանի, քանի մը տարիէ ի վեր, անհուն գոհունակութեամբ գործի վրայ կը տեսնենք սրբազան առաջնորդ եւ ազգային իշխանութիւն` մեր գաղութը նոր եւ արժանավայել եկեղեցիներով օժտելու նախանձախնդրութեամբ մէջ:

Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ, վեհափառ կաթողիկոսի հանդիսադրութեամբ եւ բարձրաշնորհ առաջնորդի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդագեղ օծումը Թիրօ Սանճագ թաղի սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ:

Ատկէ քանի մը ամիս առաջ կատարուեցաւ հիմնօրհնէքը Այնճարի եկեղեցւոյ, որուն շինութեան գործին յաջողութեան համար, մեր նախանցեալ թիւով հրատարակած էինք Բարձր. Տ. Խորէն արք.ի «սրտագին կոչ»ը:

Վաղը` կիրակի, 4 յունիսին տեղի պիտի ունենայ հիմնօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը ազգային մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կտակով Թրիփոլիի մէջ կառուցուելիք եկեղեցւոյ:

Իսկ յաջորդ կիրակի, 11 յունիսին պիտի կատարուի օծումը Ճիւնիի եկեղեցիին:

Թուաբանական պարզ հաշիւով մը քանի մը ամսուան մէջ, չորս եկեղեցիներ, հաւատքի չորս բերդեր, որոնց երկնասլաց գմբէթները կը բարձրանան ազատ ու ասպնջական Լիբանանի երկնակամարին մէջ, իբրեւ փառքի ու յաւերժութեան կոթողները այս սքանչելի ժողովուրդին, որ հակառակ իր աստանդական վիճակին, չէ կորսնցուցած իր հիմնական առաքելութիւնը- շինարարական առաքինութիւնը:

Այդ առաքինութեան հարազատ արտայայտիչը կը հանդիսանայ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Բարձր. Տ. Խորէն արք. Բարոյեան, որ վեհափառ կաթողիկոսի հայրական քաջալերանքով, գլուխն անցած է աստուածահաճոյ վսեմ գործի մը` ի պայծառութիւն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն հայ ժողովուրդի:

Եթէ փորձենք բաղդատել այս մարզին մէջ քանի մը տասնեակ տարի առաջուան կացութիւնը այսօրուան բարօրութեան հետ, հիացմունք միայն կրնանք ունենալ այս ժողովուրդին հանդէպ, որ գիտցաւ ըմբռնել ստիպողական անհրաժեշտութիւնը` իր եկեղեցիին շուրջ բոլորուելու եւ զայն հիմնական ազդակ դարձուց հայապահպանման այն պայքարին, որ յաղթականօրէն կը մղէ մասնաւորաբար մեր գաղութին մէջ:

Աւելին. եթէ այս ճիգին վրայ աւելցնենք նաեւ միւսը, այն որ կ՛արդիւնաւորուի դպրոցաշինութեան մարզին մէջ, կ՛ունենանք ամբողջական պատկերը գաղութի մը, որ ոչինչէն, իր սեփական ջանքերով, այլ նաեւ աւելի բախտաւոր գաղութներու եւ ազնուասիրտ բարերարներու օժանդակութեամբ, հասաւ այսօրուան նախանձելի վիճակին:

Աշխատանքը պէտք չէ սակայն կանգ առնէ հոս: Անսահման գործ կայ ընելիք եւ հնարաւորութիւնները չեն պակսիր: Այս ժողովուրդը գիտէ տալ, ամէն անգամ որ կը գիտակցի գործին ազգային անհրաժեշտութեան: Այսուհետեւ, Ազգային իշխանութեանց հիմնական գործը պիտի ըլլայ նիւթական ամուր հիմերու վրայ դնել եկեղեցական եւ կրթական մեր հաստատութիւնները, թափուած ճիգէն առաւելագոյն արդիւնքը ստանալու համար:

Նախորդը

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՄԻՋՄԱՐՈՆԻԱԿԱՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Յաջորդը

Ի՞ՆՉ Է «ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԽԵԼԱՑՈՒԹԻՒՆԸ»

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.