«Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Արաքճի յայտնած է, թէ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման արարողութեան պիտի մասնակցին 52 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Նշենք, որ անոնց շարքին են Հայաստանի եւ Լիբանանի նախագահները:
«Երդման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին 11 նախագահներ, 8 փոխնախագահներ, 2 վարչապետներ, 7 խորհրդարանականներ, 11 արտաքին գործոց նախարարներ», ըսած է ան:
Արաքճի ընդգծած է, որ 12 երկիրներու պատուիրակութիւններու կազմերը տակաւին չեն յստակացած` աւելցնելով, որ թէեւ որոշ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ երդման արարողութեան ներկայ գտնուելու փափաք յայտնած են, սակայն Իրան այլեւս մասնակիցներ չի կրնար ընդունիլ` դահլիճին մէջ տեղերու սահմանափակ ըլլալուն պատճառով:


