Նստացոյցի եօթներորդ օրը իրավիճակը քաղաքապետարանին առջեւ առաւօտէն լարուած էր. առաւօտեան գործիչներու եւ ոստիկաններուն միջեւ բախում տեղի ունեցաւ, երբ փորձ կատարուեցաւ խոտածածկին վրայ վրան տեղադրել: Հակառակ իրաւապահներու նախազգուշացումներուն, իրաւապաշտպան Արգիշտի Գիվիրեան, որ բերած էր վրաններէն մէկը, յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը ապօրինաբար կը խոչընդոտէ, ուստի վրանը պիտի տեղադրուի:
Այս կոչէն վայրկեաններ ետք ոստիկանները ուժի օգտագործումով Արգիշտի Գիվիրեանը նստեցուցին ինքնաշարժ, եւ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան հաստատեց, որ ան բերման ենթարկուեցաւ ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին:
«Չենք ձերբակալած, զայն «Վարչական իրաւախախտումներու մասին» օրէնսգիրքի համաձայն պիտի ենթարկենք պատասխանատուութեան: Այն քաղաքացիները, որոնք կը փորձեն վրան տեղադրել եւ կարգ խախտել, պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան», ըսաւ Օսիպեան:
Շուրջ երեք ժամ ոստիկանատան բաժանմունքին մէջ մնալէ ետք Գիվիրեան ազատ արձակուեցաւ եւ յայտնեց, որ որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրած եւ կը պատրաստուի դատարանին մէջ վիճարկել իրաւապահներու գործողութիւնները: Մինչ այդ քաղաքապետարանին առջեւ տասնեակ մը ոստիկաններ թոյլ չէին տար երիտասարդներուն վրանը տեղադրել: Վալերի Օսիպեան անձամբ կը քաշէր վրանէն: Իրաւապահները ի վերջոյ յաջողեցան խլել ատիկա ու թաքցնել ոստիկանական ինքնաշարժին մէջ:
Այս ընթացքին խոտածածկի միւս հատուածէն անհետացած էին Հենրիկ Նաւասարդեանի եւ Միսաք Համբարձումեանի նկարներով պաստառները: Քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները նկատած էին, որ ոստիկանները տարած էին: Հակադարձելով այս արարքին` ցուցարարները քանի մը վայրկեանի համար փակեցին քաղաքապետարանի յարակից փողոցի երթեւեկը: Երթեւեկը վերականգնեցաւ, երբ ոստիկանները վերադարձուցին պաստառները:


