Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Գահիրէի հրապարակներուն վրայ նստացոյց կատարող ցուցարարներուն կոչ ուղղեց հրապարակներէն հեռանալու, սակայն իսլամականները մերժեցին նախարարութեան կոչին ընդառաջել:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի իր գերմանացի պաշտօնակից Կուիտօ Վեսթերֆելէի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր գործընկերոջ հետ դրական հանդիպում մը ունեցած է: Ան նշեց, որ «մենք եգիպտոսի ապահովութեան սպառնալիք չենք ընդունիր եւ բռնարարքներուն օրէնքով դէմ պիտի դնենք»:
Վեսթերֆելէ իր կարգին յայտնեց, որ եգիպտացի ժողովուրդը ինքն է, որ իր ճակատագիրը կը ճշդէ: Ան նշեց, որ Գերմանիա մինչեւ հիմա Եգիպտոսի մասին յայտարարութիւն մը չհրապարակեց` աւելցնելով, որ «մենք Եգիպտոսի մէջ երկխօսութեան եւ տագնապի խաղաղ լուծման կը զօրակցինք»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց, որ իր երկիրը տակաւին մտադիր է սեպտեմբերի կիսուն Եգիպտոսի հետ միացեալ ռազմափորձեր կատարելու, «նոյնիսկ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումէն ետք»: Ան ըսաւ, որ «մենք կը ծրագրենք անոր այդ ռազմափորձերուն ուղղութեամբ ընթանալ»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ իր կարգին յայտարարեց, որ «այն զարգացումները, որ վերջերս Եգիպտոսի մէջ արձանագրուեցան, եգիպտացի ժողովուրդին կամքը կ՛արտայայտեն»` աւելցնելով, որ «այն ինչ որ տեղի ունեցաւ պէտք չէ ուրիշ երկիրներու օրինակ ծառայէ եւ այդ է պատճառը, որ Բրիտանիա եգիպտական բանակին դերակատարութեան մասին որեւէ մեկնաբանութիւն չկատարեց»:
Ըստ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթի տեղեկութեանց, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Եգիպտոսի պաշտօնանկ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին անոր առաջարկած է իր սահմանադրական ու ընտրական օրինականութենէն հրաժարիլ` փոխան իր եւ իր բանտարկուած համակիրներուն բանտէն ապահով դուրս գալուն, սակայն վերջինս մերժած է` շեշտելով, որ ինք երկրին ընտրովի առաջին օրինական նախագահն է:


