Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թրքական Ուժերուն Ենթադրեալ Հեռացումը Եւ Հայակական Զօրախումբին Հաւանական Ժամանումը

August 2, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ զօրամիաւորումներուն Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան հարցը տակաւին բանակցային նիւթ է: Բանակցութիւնները կը տարուին հայկական կողմին եւ ՄԱԿ-ին, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավար երկրին` Իտալիոյ համապատասխան կառոյցներուն միջեւ:

Թէեւ վերջնական որոշում չէ կայացած ու հրապարակուած, այսուհանդերձ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերին լուսաբանումները այս մասին գրեթէ յստակ կը դարձնեն, որ հայկական դասակը յառաջիկային կը ժամանէ Լիբանան  եւ կը ներգրաւուի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան իրականացման միջազգային աշխատանքներուն մէջ:

Յետադարձ ակնարկ մը կը յուշէ, որ պաշտօնական Երեւանը, օրին, Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմի աւարտին` 2006-ին, խանդավառութիւն ցոյց չէր տուած ներգրաւուելու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուելիք ուժերուն մէջ եւ փաստօրէն իր մասնակցութիւնը չէր բերած: Այսուհանդերձ, հետագային խորհրդանշական մասնակցութեան ձեւաչափ մը ապահովուած էր: Մէկ տարիէ ի վեր ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ ներգրաւուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերէն սպայ մը:

Ժամանակներն ու աշխարհաքաղաքական պայմանները բնականաբար որոշիչ դեր ունին մասնակցութեան նկատմամբ արձանագրուած վերապահութիւնները վերացնելու եւ ներգրաւուելու ուղղութեամբ բանակցութիւնները աշխուժացնելու առումով: Պահ մը շրջանցելով որոշումներու կայացման բուն շարժառիթներուն մասին վերլուծական մօտեցումները, իբրեւ զուտ տեսութիւն կարելի է նշել, որ ընդհանրապէս միջազգային կառոյցներուն մէջ հաւասարակշռուած, փոխլրացուցիչ եւ աշխուժ ներկայութիւնը դրական գործօններ կը նկատուին պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան իրականացման ընթացքին: Մեր պարագային անշուշտ կայ յստակօրէն պետական շահի եւ առաքելութեան վայրերու տեղւոյն հայ համայնքներու իւրայատկութիւններու նկատառումը: Եւ եթէ Աֆղանիստանն ու Քոսովոն հայկական զօրախումբերու տեղակայման առումով նման խնդիրներ չունէին, ապա նոյնը կարելի չէր ըսել Իրաքի համար, ուր նման իւրայատկութիւններու նկատառումը ինքզինք պարտադիր կը դարձնէր:

Աւելորդ չէ յիշելը, որ վերջերս լիբանանեան մամուլը հրապարակեց յառաջիկայ սեպտեմբերին խաղաղապահ առաքելութեան շրջագիծին մէջ տեղակայուած թրքական զօրամիաւորումի հեռացման մասին լուրեր: Հաւանական պատճառները նման որոշումի թուրք զինուորներուն նկատմամբ տեսանելի վտանգաւոր կացութիւնն էր ստեղծուած Սուրիոյ հարցերուն մէջ թրքական կեցուածքին եւ լիբանանցի առեւանգեալներուն պատասխանատուութիւնը Անգարային ուսերուն տեսնելու փաստերով: Թրքական կողմէն հերքում չեղաւ: Հերքումանման հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց ՖԻՆԻՒԼ-ը` յայտնելով, որ մինչ այժմ նման դիմում չէ ստացած թրքական զօրամիաւորումի համապատասխան բաժանմունքէն:

Անկախ այն իրողութենէն, որ թրքական զօրախումբը կը մնայ՞, թէ՞ կը հեռանայ, կամ նման հրապարակումներ տեղեկատուութիւ՞ն են, թէ՞ ապատեղեկատուութիւն, պարզը այն է, որ լիբանանեան կարեւոր շրջանակներու համար նորօսմանականներու համեմատաբար նախկին ընկալումի տարողութիւնը էական փոփոխութեան ենթարկուած է: Երկու ենթադրեալ պատճառներն ալ, որոնք կը նշուին հրապարակումներուն մէջ, հիմնովին բացասական դերակատարութիւն կը վերագրեն Անգարայի կիրարկած շրջանային եւ տեղական քաղաքականութեան:

Թրքական զօրամիաւորումի ենթադրեալ հեռացումը եւ հայկական զօրախումբի աւելի հաւանական ժամանումը իրարու հետ առնչուող գործողութիւններ չեն անշուշտ: Երկուքը արձանագրուելու պարագային սակայն, առաջինը կ՛ըլլայ Անգարայի ազդեցութեան գօտիի կայացման հաշուոյն, մինչ երկրորդը, իր չափին մէջ, Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ որոշակի առաւելներ ձեռք ձգելուն:

 «Ա.»

 

 

Նախորդը

Հայաստան Կը Նախատեսէ Յաջորդ Տարի Խաղաղապահ Ուժեր Գործուղել Լիբանան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.