Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԻԼԻԸՄԶԸ

June 3, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուիլիըմզ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի վերահաստատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէկ զօրամասը թիրախ դարձուցած անարգ պայթումին դատապարտումը` դրուատելով բանակին հետ գործակցաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` երաշխաւորելու  հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է ապահովական մարմիններուն պատասխանատուներուն  հետ եւ յառաջիկայ կիրակի օրուան ցոյցին մանրամասնութիւնները քննարկած անոնց հետ:

Վարչապետը նաեւ հաստատեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել սահմանային կայունութիւնը եւ առիթ չտալ, որ Իսրայէլ շարունակէ պաղեստինցի գաղթականներուն դէմ իր յարձակումները եւ ոտնձգութիւններ գործէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ իր կատարած յայտարարութեան մէջ նկատել տուաւ, որ ինք ուրախ է, որ Միքաթի ընդունած է զինք, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ պայթումը դատապարտելուն առիթով:

Ուիլիըմզ յայտնեց նաեւ, որ ինք գոհ կը զգայ եւ կ՛ողջունէ Միքաթիի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան: «Հակառակ քստմնելի պայթումի մը թիրախ դառնալու իրականութեան, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը նախանձախնդիր են հարաւի մէջ իրենց առաքելութեան գործադրութեան եւ յանձնառու կը մնան իրենց ստանձնած պարտականութիւններուն», ըսաւ ան:

Այս ծիրին մէջ Ուիլիըմզ շեշտեց նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կողքին  կառչած կը մնան նաեւ, որ բոլոր կողմերը յարգեն սահմանային Կապոյտ գիծը:

Պատասխանելով կիրակի օր տեղի ունենալիք պաղեստինեան ցոյցին մասին իր մտահոգութեան ակնարկող հարցումի մը` Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է այդ հարցը` շեշտելով, որ իրենք չեն փափաքիր, որ սահմանային շրջաններուն մէջ 15 մայիսի ողբերգութիւնը կրկնուի, հակառակ այն իրողութեան, որ իրենք կը զօրակցին իր իրաւունքներուն համար ցոյց մը կատարելու պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքին:

ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու Ռաս Նաքուրայի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում մը` լիբանանեան բանակին, իսրայէլեան ուժերուն եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ` նախագահութեամբ` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթայի:

ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նկատել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած է 15 մայիս 2011-ին լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանամերձ Մարուն Ռաս գիւղաքաղաքին մէջ արձանագրուած միջադէպը:

Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ նիստին ընթացքին զօր. Ասարթա շեշտած է, որ կատարուած քննարկումները պիտի օժանդակեն 15 մայիսի միջադէպին վերաբերող հետաքննութիւնը աւարտելու:

«Հանդիպումին ընթացքին Ասարթա ընդգծած է, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի` կանխարգիլելու համար ապագային  ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի հաւանական խախտումները, որպէսզի նաեւ քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ զոհեր չարձանագրուին եւ սահմանային Կապոյտ գիծը մնայ հանդարտ ու խաղաղ` հեռու որեւէ տեսակի մագլցումներէ», նշուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

ՆՇԵՆՔ, որ իսրայէլեան ուժերը իրենց կարգին ապահովական միջոցառումներու դիմեցին հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մօտակայքը` նկատի ունենալով յառաջիկայ կիրակի օր տեղի ունենալիք պաղեստինեան ցոյցերը:

ՅԱՅՏՆԵՆՔ, որ յառաջիկայ կիրակի օր  արաբեւիսրայէլեան պատերազմին ընթացքին արաբական երկիրներուն կրած պարտութեան յիշատակին նուիրուած ցոյցին առիթով, լիբանանեան բանակին կողմէ որդեգրուած են քայլեր` սահմանային Կապոյտ գիծը զինուորական գօտիի վերածելու` բոլոր ցուցարարներուն ապահովութիւնը պահպանելու նպատակով:

Նախորդը

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԱՐԱԲ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.